Վարդանանց տօնակատարութիւնը Քեսապ Հայաւանին մէջ։ Վարդանանց տօնակատարութիւնը Քեսապ Հայաւանին մէջ։ 

Վարդանանց տօնակատարութիւնը Քեսապ Հայաւանին մէջ։

Քեսապի մէջ երեք համայնքներու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Տօնակատարութիւն

Հաւատարմութիւն եւ յարգանք ունենալով Վարդանանց սերունդին նկատմամբ, այս տարի եւս Քեսապի մէջ երեք համայնքներու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Տօնակատարութիւն: Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հնչեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգը, հրաւիրելու հաւատացեալ ժողովուրդը Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագի, որմէ ետք ժամը 12:00-ին տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն:

Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Կարճիկեան: Ան ըսաւ. «Հայոց պատմութեան նուաճումները այժմէական կը մնան այնքան ատեն, որ անոնք հաւատքով կը փոխանցուին սերունդներուն, որոնք իրենց կարգին գիտեն ապրիլ, յիշատակել եւ պայքարիլ»:

Այնուհետեւ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան բացման խօսք արտասանեց, անդրադառնալով Վարդանանց պատերազմի էութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Վարդանանցը չէր նմաներ հողի պաշտպանութեան սովորական պատերազմի, այլ՝ հաւատքի պահպանման ճակատամարտի, որ մեզ կը թելադրէ պահպանել հոգեւոր եւ ազգային արժէքները: «Մեր զինուորները կրօնքի համար չպատերազմեցան միայն, այլ Քրիստոսի շնորհած կեանքը արժեւորելու համար: Վարդան Մամիկոնեանի տիպարը կը մարմնաւորէ մեր ազգային արժէքները, իսկ Ղեւոնդ երէցինը՝ հոգեւոր», եզրափակեց հայր սուրբը:

Գեղարուեստական յայտագիրը կ՚ընդգրկէր Վարդանանց տօնին նուիրուած երգեր, ասմունք եւ կենդանի պատկերներ, որոնք ներկայացուեցան համայնքներու դպրաց դասերուն, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ վարժարաններու աշակերտութեան եւ անհատ կատարողներու կողմէ:

Օրուան խորհուրդը եւ պատգամը ուղղեց հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան: Ան անդրադարձաւ պատմական իրողութիւններուն, ապա ներկայացուց Վարդան Մամիկոնեանի հայրենասիրութեան հզօր օրինակը, իսկ Վարդանանց պատերազմը մեր ազգային ու եկեղեցական սխրալի դէպքերէն մին համարեց, բողոք՝ ընդդէմ բռնակալութեան, ի խնդիր ազատութեան: Ան եզրափակելով ըսաւ. «Վարդանանց պատերազմը լոկ անցեալին պատկանող իրականութիւն մը չէ, հայոց պատմութեան էջերէն դուրս հայ ազգը մինչեւ այսօր իր արիւնը կը թափէ վառ պահելու այս կտակը, երէկ՝ մեր թշնամին, այսօր՝ մեր բարեկամը պարսիկը ըմբռնեցին հայուն վճռականութիւնը, իր հաւատքին պահպանման համար թափած արեան գինը: Պարսիկը ըմբռնեց ու հասկացողութիւն ցուցաբերեց, սակայն թուրքն ու ազերին տակաւին կը փորձեն ոչնչացնել մեզ, անոնց աչքերը տակաւին փակ են ու չեն ուզեր ճանչնալ հայուն դիմագիծը: Այդուհանդերձ մեր պայքարը կը շարունակուի, իսկ յաղթանակի նախապայմանը մեր միասնականութիւնն է»:

Վարդանանց տօնակատարութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, յայտնելով որ յիշատակելով եւ ոգեկոչելով Վարդանանց պատերազմը, խոնարհած պիտի ըլլանք անոնց քրիստոնէական ամուր հաւատքին, անգերազանցելի հայրենասիրութեան եւ բոլորանուէր զոհաբերութեան առջեւ, որովհետեւ անոնք հայրենասիրութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի տիտաններ, քաջութեան եւ անձնազոհութեան բարձրագոյն հսկաներ դարձան: «Մեր թշնամիներն են այն բոլոր ուժերը, որոնք կը հեռացնեն մեզ Աստուծմէ, կը խլեն մեզմէ մեր հաւատքը, կը խլեն մեզմէ մեր հողերը, մեր իրաւունքները, ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը կը մրոտեն, կը խեղդեն արդարութեան ձայնը եւ ցիրուցան կ՚ընեն մեզ աշխարհին չորս կողմերը, ուրեմն՝ Աւարայրի ճակատամարտը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, մօտիկ անցեալին Սարդարապատն էր նոր Աւարայրը, իսկ այսօր՝ Արցախը, բայց մեր թշնամին թող իմանայ, որ Վարդանանցի պատգամով եւ օրինակով ծնունդ կ՚առնեն նորանոր հերոսներ եւ ուխտեալ Վարդաններ ու Վահաններ», ըսաւ ան:

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով, ապա հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով:

Թղթակից

«Գանձասար»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2021, 10:20