Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Խորհրդարանը 

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանական կողմին կոչ ուղղեց` վերադարձնելու Հայ ռազմագերիները

Խորհրդարանականները հաստատեցին, որ Եւրոպական խորհրդարանն ու Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ են աջակցելու:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Հարաւային Կովկասի հետ կապերու գծով պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Հայաստանի հարցով Եւրոպական խորհրդարանի մնայուն զեկուցող, երեսփոխան Անտրէյ Քովաչեւ եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ազրպէյճանի հարցերով մնայուն զեկուցող, երեսփոխան Զելեանա Զովքօ հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: Անոնք անդրադարձան 9 նոյեմբերի յայտարարութեան` աւելցնելով, որ պէտք է աւելին ընել անհրաժեշտ հաշտեցման հասնելու համար:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծման եւ շրջանին շուրջ ապագայ իրաւական կարգավիճակի յստակացումը կը մնայ նոյնքան անհրաժեշտ, որքան երբեւէ: Մենք երկու կողմերուն ալ կոչ կ’ուղղենք` յստակօրէն վերահաստատելու եւ պատրաստակամութիւն յայտնելու` կրկին ներգրաւուելու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ղեկավարած հոլովոյթին մէջ` հիմնուած հիմնական սկզբունքներուն վրայ, արտացոլացնելով Հելսինքիի եզրափակիչ արձանագրութեան` ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի վրայ», նշեցին անոնք: Խորհրդարանականները հաստատեցին, որ Եւրոպական խորհրդարանն ու Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ են աջակցելու:

«Զինադադարի համաձայնագիրի ամբողջական իրականացումը անհրաժեշտ առաջին քայլն է եւ ցաւալի է, որ ռազմագերիներու փոխանակումը տակաւին ամբողջութեամբ չիրականացաւ: Մենք կ’ողջունենք մարտական գործողութիւններու աւարտէն ետք գերեվարուած քանի մը հայ զինուորներու ազատ արձակումը եւ կը դիմենք Ազրպէյճանին` մնացած գերիները ազատելու, որպէսզի վստահութիւնը վերակառուցուի: Մենք նաեւ կողմերը կը յորդորենք վերը նշուած նպատակներուն համար ապահովել միջազգային կազմակերպութիւններու լիովին անկաշկանդ մուտքը` մարդասիրական օգնութիւնն ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու համար: Այս խնդիրները կ’ընդգծեն բազմակողմանի նոր ջանքերու անհրաժեշտութիւնը` տագնապին կայուն լուծում գտնելու համար», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2021, 08:54