Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող 4 Հայ գերիներուն Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող 4 Հայ գերիներուն 

Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող 4 Հայ գերիներուն

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունի:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները 1-2 Փետրուարին այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող 4 հայ գերիներուն, որոնց կարգին՝ զինուորական եւ քաղաքացիական անձերու:

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունի:

«Այդ անձանց հնարաւորութիւն է ընձեռուել կապ հաստատել ընտանիքի անդամների հետ», ըսաւ ան:

Ամատունի աւելցուց, որ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելութեան ընթացքին ստուգեցին նաեւ անոնց կեցութեան պայմանները եւ տեղեկացան առողջական վիճակին մասին:

Յայտնենք, որ Հայաստան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ներկայացուց 228 գերիներու վերաբերեալ հարցին գծով hայցը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2021, 07:51