Անթիլիասի մայրավանք Անթիլիասի մայրավանք 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարի գործադիր մարմինի ժողովին

Ժողովին օրակարգը կ՛ընդգրկէր «Բնութիւն եւ ինքնութիւն» աշխատութեան զարգացումն ու ընդլայնումը

Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարին գործադիր մարմինը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) առցանց ժողով մը գումարեց 29 յունուար 2021-ին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` ժողովին մասնակցեցաւ համագումարին անդամ եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեանը:

Ժողովին օրակարգը կ՛ընդգրկէր «Բնութիւն եւ ինքնութիւն» աշխատութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ծրագրումը` հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունենալիք համագումարի տարեկան հաւաքին, որ շատ հաւանաբար առցանց տեղի ունենայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2021, 20:22