Քորոնաժահրի դէմ պատուաստ Քորոնաժահրի դէմ պատուաստ 

Պատուաստումի հարցով Հայաստան Եւրոպայէն եւ ԱՀԿ-էն աջակցութիւն պիտի ստանայ

Եւրոմիութիւնն ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երեք տարուան ընթացքին 40 մլն եւրո պիտի ծախսեն Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պատուաստանիւթի հասանելիութեան ապահովման նպատակով:

Եւրոմիութիւնն ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երեք տարուան ընթացքին 40 մլն եւրո պիտի ծախսեն Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պատուաստանիւթի հասանելիութեան ապահովման նպատակով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ Reuters-ը:

«Ի սկզբանէ նիւթական միջոցները պիտի օգտագործուին յաջակցութիւն նախապատրաստական փուլերուն, յատկապէս պիտի շեշտադրուին հրատապ կարիքները ռազմավարական ոլորտի մէջ, ինչպիսիք են ծրագրաւորումը, սարքաւորումները, բուժաշխատողներու վերապատրաստումն ու տեղեկատւութիւնը»,-յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը՝ նշելով, որ անոր պիտի յաջորդէ աջակցութիւնը պատուաստանիւթերու արդիւնաւէտ տեղաբաշխմանն ու վերահսկողութեան:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2021, 10:32