Շուէտի արտաքին գործոց նախարար  Անն Լինտէ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ  

Հայաստան. «Կացութիւնը պէտք է հանդարտի առանց բռնութեան» ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ։

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ գործելու խաղաղ կերպով` յարգելով ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու շրջանակին մէջ ամրագրուած ժողովրդավարական հոլովոյթներն ու օրէնքի գերակայութիւնը:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ մտահոգ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններով: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ան այսպիսի գրառում կատարած է «Թուիթըր»¬ի իր էջին վրայ` անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ գործելու խաղաղ կերպով` յարգելով ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու շրջանակին մէջ ամրագրուած ժողովրդավարական հոլովոյթներն ու օրէնքի գերակայութիւնը: Իրավիճակը պէտք է հանդարտի առանց բռնութեան», գրած է ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2021, 08:00