Աջակցութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 150 ընտանիքներու Աջակցութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 150 ընտանիքներու 

Աջակցութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 150 ընտանիքներու

Ծրագիրին միջոցաւ, որուն գումարը 60,000 եուրօ է, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու` ՔՈԱՖի շահառու համայնքներուն մէջ ապաստանած 150 տեղահանուած ընտանիքներու պիտի տրամադրուին առաջին անհրաժեշտութեան ծրարներ, որոնք կը ներառեն ուտելիք, մաքրութեան եւ բժշկական պարագաներ, ձմեռնային հագուստ եւ 450 մանուկներ պիտի ստանան գրենական պիտոյքներ:

ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող եւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեսիրական հիմնադրամին (ՔՈԱՖ) կողմէ իրականացուող «Հրատապ օգնութիւն Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած ընտանիքներուն» ծրագիրի ծիրին մէջ, 150 ընտանիքներ աջակցութիւն պիտի ստանան։

Ծրագիրին միջոցաւ, որուն գումարը 60,000 եուրօ է, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու` ՔՈԱՖի շահառու համայնքներուն մէջ ապաստանած 150 տեղահանուած ընտանիքներու պիտի տրամադրուին առաջին անհրաժեշտութեան ծրարներ, որոնք կը ներառեն ուտելիք, մաքրութեան եւ բժշկական պարագաներ, ձմեռնային հագուստ եւ 450 մանուկներ պիտի ստանան գրենական պիտոյքներ:

Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան դեսպանատան ֆինանսական ներդրումին շնորհիւ 35 մանուկներու պիտի տրամադրուին «պլանշեթ»ներ, իսկ 70 այլ մանուկներ ալ պիտի ստանան գրենական պիտոյքներով լեցուն դպրոցական պայուսակներ: 150 ընտանիքներու պիտի մատուցուին նաեւ ընկերային-հոգեբանական եւ առողջապահական ծառայութիւններ:

11 Փետրուարին, Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորի եւ Հայաստանի մօտ Լիթուանիոյ դեսպան Ինկա Սթանիթէ-Թոլոչքիենէ այցելեցին ՔՈԱՖի երեւանեան գրասենեակը, ուր կը պատրաստուէին այն ծրարները, որոնք պիտի բաժնուին շահառու ընտանիքներուն մինչ Փետրուար 2021ի աւարտը:

«Մենք շատ արժեւորում ենք Հայաստանում ԵՄ պատուիրակութեան հետ այս ինքնատիպ համագործակցութիւնը: Առաջին անգամը չէ, որ համատեղ ջանքերով ճգնաժամի ենք արձագանգում: «Քովիդ-19»ի համավարակի դէմ պայքարում մեր շահառուներին սատարելու շուրջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնից յետոյ այս անգամ էլ կանգնած ենք արցախցի մեր հայրենակիցների կողքին, որոնք ապաստան են գտել ՔՈԱՖի շահառու համայնքներում», ընդգծեց ՔՈԱՖի գլխաւոր տնօրէն Կորիւն Խաչատուրեան:

«Արագ արձագանգման գործիքակազմերու ծիրին մէջ, ասիկա Եւրոպական Միութեան երկրորդ համագործակցութիւնն է ՔՈԱՖի հետ: Յոյսով եմ, որ պիտի կարենանք թեթեւցնել վիճակը բարդ կացութեան մէջ յայտնուած մարդոց, որոնք կորսնցուցած են իրենց տուները կամ որեւէ կերպով տուժած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն: Հաճելի է համագործակցիլ ՔՈԱՖի հետ` օգնելու բոլոր անոնց, որոնք ամէնէն աւելի անոր կարիքը ունին», նշեց Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորի:

Ծրագիրին վերջնական նպատակն է՝ արձագանգել տեղահանուած ընտանիքներու առաջնային ու անյետաձգելի կարիքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր մարմիններէն ստանալ այսպիսի ընտանիքներու հետագայ կարիքներու բաւարարման վերաբերող առաջարկներ: Ծրագիրը կ՛իրականացուի՝ համագործակցելով Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ, եւ կը համակարգուի մարզպետարաններու ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն հետ՝ ճշդելու Արցախէն տեղահանուած ընտանիքները եւ բացառելու դէպքերը, երբ նոյն ընտանիքը աջակցութենէն երկու անգամ կ՛օգտուի։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 07:24