Ամերիկայի մէջ ցոյցեր Ամերիկայի մէջ ցոյցեր 

Ամերիկայի եկեղեցւոյ արձագանքը «Քոնկրէսի» վրայ յարձակման վերաբերեալ

Անկարգութիւններուն պատճառաւ կան չորս զոհեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուաշինկթընի մէջ ստեղծուած աննախադէպ իրավիճակ մը ցնցեց Համայն Միացեալ նահանգներն ու աշխարհը, երբ  Նախագահ Թրամփի կողմ խումբ մը ցուցարարներ, ներխուժեցին Միացեալ նահանգներու «Capitol Hill»  պալատ, ուր ընթացքի մէջ էր՝ Ժօ Պայտընի ընտրութիւնը վաւերացնող խորհրդարանական նիստ մը։

Ցուցարարները փորձեցին ներխուժել ժողովասրահ եւ կացութիւնը աւելիով վատթարացաւ, որուն բերումով արձանագրուեցան 4 մահեր, 13 վիրաւոր եւ 52 հոգի ձերբակալուեցան։

ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Խօսէ Հորասիօ Կոմէս միանալով աշխարհի տարբեր երկիրներէ արձագանքուած բռնութեան դատապարտումներուն, հաստատեց՝ թէ այս մէկը չի ներկայացներ ամերիկացիներուն էութիւնը, ուր «իշխանութեան խաղաղ անցումը եղած է միշտ յատկանշական նշաններէն մին»։ Ան ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի  «մարդիկը առաջնորդէ իմաստութեան ուղիին վրայ»։

«Մենք պէտք է կանգ առնենք ու աղօթենք խաղաղութեան համար այս ճգնաժամային պահուն» ըսած է միւս կողմէ Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Ուիլթոն Կրէկորի, հրաւէր ուղղելով յարգել յարձակումներու թիրախ վայրը՝ որպէս «սուրբ վայր», ուր կ՛որոշուին ամերիկայի օրէնքներն ու քաղաքականութիւնը։

Շիքակոյի Արքեպիսկոպոսը եւս շարք մը թուիթներու միջոցաւ յայտնեց իր վրդովմունքը «ազգային ամօթութիւն» նկատելով պատահածը ու մաղթանք յայտնելով, որ Աստուծոյ սէրը բոլոր ամերիկացիներուն յիշեցնէ, թէ «քաղաքականութիւնը՝ տարբեր ու հակառակ տեսակէտներու խաղաղ լուծում է», դատապարտելով նաեւ «սուտի հիման վրայ գործադրուած բռնութիւնը» եւ իրադարձութիւնները նկատելով արարքներ՝ որոնք «կը ցնցեն ամէն մէկ հայրենասէր ամերիկացիի եւ ամէն մէկ կաթողիկէ հաւատացեալի խիղճը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2021, 11:05