ԱՀԿ արտակարգ իրավիճակներու հարցերով ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Ռայըն ԱՀԿ արտակարգ իրավիճակներու հարցերով ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Ռայըն 

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան համաձայն. «Քորոնա» Ժահրի համաճարակի երկրորդ տարին կրնայ աւելի ծանր ըլլալ, քան առաջինը

Վերջին շաբթուան ընթացքին աշխարհի վրայ հաստատուած է շուրջ 5 միլիոն նոր դէպք, որուն պատճառով ալ աւելի քան 85 հազար մահ արձանագրուած է:
Ունկնդրէ լուրը

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի երկրորդ տարին կրնայ առաջինէն աւելի ծանր ըլլալ` հաշուի առնելով ժահրի տարածման ընթացքը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու հարցերով ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Ռայըն:

Ըստ Ռայընի, վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին կազմակերպութեան ստացած տեղեկութիւնները կը փաստեն, թէ հիւանդութիւնը դարձեալ հասած է գագաթնակէտին: Վերջին շաբթուան ընթացքին աշխարհի վրայ հաստատուած է շուրջ 5 միլիոն նոր դէպք, որուն պատճառով ալ աւելի քան 85 հազար մահ արձանագրուած է:

Ծրագիրի տնօրէնը իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտած է մոլորակի հիւսիսային կիսագունդին մէջ, մասնաւորաբար, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կը նկատուի համաճարակի «իտէալական փոթորիկ»: Այս իրավիճակին պատճառը ցուրտ եղանակն է, որուն պատճառով փակ տարածքներու մէջ մարդոց կուտակումներ տեղի կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ ժահրի նոր տեսակներ կը տարածուին:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2021, 09:37