Քորոնավիրուսի դէմ պայքարի համար դիմակ Քորոնավիրուսի դէմ պայքարի համար դիմակ 

Աշխարհի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը 98 միլիոնէ աւելի է։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հաղորդած տուեալներու համաձայն՝ ներկայ պահուն ամբողջ աշխարհի մէջ գրանցուած է COVID-19-ով վարակուած 98 միլիոն 802 հազար հիւանդ:

Աշխարհի մէջ անցած 1 օրուայ ընթացքին յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ վարակման 624 353 դէպք: Այս մասին յայտնած է RT-ն:

 

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հաղորդած տուեալներու համաձայն՝ ներկայ պահուն ամբողջ աշխարհի մէջ գրանցուած է COVID-19-ով վարակուած 96,2 միլիոն հիւանդ:

Միեւնոյն ժամանակ, «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած անձանց թիւն աշխարհի մէջ ընդհանուր առմամբ հասած է 2 082 745-ի:

Վարակման ամէնէն շատ դէպքեր արձանագրուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, որուն կը յաջորդեն Հնդկաստանը, Պրազիլը, Ռուսաստանը, Մեծ Բրիտանիան:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2021, 08:30