Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը 90 միլիոնի սահմանը անցաւ Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը 90 միլիոնի սահմանը անցաւ 

Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը 90 միլիոնի սահմանը անցաւ

Մահերուն թիւը կը մօտեանայ 2 միլիոնի. ցարդ բուժուած են շուրջ 65 միլիոն վարակակիրներ։

Երկուշաբթի օր, աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 90 միլիոնը անցաւ, մինչ մահերուն թիւը կը մօտեանայ 2 միլիոնի. ցարդ բուժուած են շուրջ 65 միլիոն վարակակիրներ։

Միացեալ Նահանգներու այլ շրջաններու նման, Լոս Անճելըս գաւառը եւս որոշեց հիւանդանոցները միայն կենսական գործողութիւններու կարիքը ունեցողներուն առջեւ բաց պահել, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ համաճարակին հետեւանքով հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներուն թիւին աճը գրեթէ անդամալուծած է առողջապահութեան մարզը: Ըստ Կիրակի օրուան տուեալներուն՝ գաւառին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 7964 քաղաքացիներ կը դարմանուին հիւանդանոցներու մէջ, մինչ վարակումի համեմատութիւնը բարձրացած է 20.4 տոկոսի:

Նշենք, որ երկրին տարածքին վարակակիրներուն թիւը մը մօտենայ 23 միլիոնի, իսկ զոհերուն թիւը՝ 380,000ի:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2021, 07:27