Սուրբ Ծնունդ Սուրբ Ծնունդ 

«Որպէս Յարուցեալ ազգ, մենք իրաւունք չունինք ընկրկելու» Վերպ. Յար

Տէր Յիսուս Քրիստոսի անսպառ վերանորոգ ուժով է միայն, որ մարդիկ ձախողութենէն դէպի բարութեան եւ յաջողութեան կ'ուղղուին։

Սուրիոյ Հայ Աւետարական  Եկեղեցւոյ  համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան    Ամանորեայ եւ Սուրբ Ծննդեան   տօներուն առթիւ ուղերձ մը յղեց  «Արեւելք»ի ընթերցողներուն, որ կը ներկայացնենք ստորե.

 
Այսօր աշխարհը եւ ընդհանրապէս մեզ շրջապատող իրավիճակները մթագնած ըլլալով  մեզի կրնան յուսախափութեան առաջնորդել։Մենք, որպէս յարուցեալ, ցեղասպանութիւն տեսած եւ ապա փիւնիկի նման յառնած եւ վերակառուցուած ազգ, կառչած կը մնանք մեր արժէքներուն, որոնք մեր ինքնութեան հիմքը կը կազմեն։ 
 Տօնական այս օրերուն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան աւետումը մեզի համար պէտք է ըլլայ նոր սկիզբի եւ վերանորոգմամ առիթ մը։  Իրարու փոխանակուած բարեմաղթութիւնները ոչ թէ պարզապէս բարձր տրամադրութիւն ստեղծելու, բարի կեցութիւն եւ մեծ ակնկալիքներ ունենալու, ապա մեր կեանքի դիտանկիւնը վերանայելու, արժեւորելու եւ դրականութիւն աւելցնելու համար է։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի անսպառ վերանորոգ ուժով է միայն, որ մարդիկ ձախողութենէն դէպի բարութեան եւ յաջողութեան կ'ուղղուին։
 Հայաստանին եւ Արցախին վրայ վիճակուած դժբախտ իրականութիւնը ամբողջ հայութեան խոցելի վէրքը դարձաւ: Դժբախտաբար կորսնցուցինք տարածքներ, կորսնցուցինք սիրելիներ, զաւակներ, ընտանիքներ եւ  եղան տեղահանումներ։ Սակայն, այս դժբախտ իրականութիւններուն ընդառաջ Տէրոջմով պիտի խրախուսուինք, պիտի համախմբուինք, իրարու թեւ  թիկունք պիտի ըլլանք, դրականութիւն պիտի աւելցնենք մեր մտածողութեան վրայ եւ քրիստոնեայ հայ ըլլալու  արժանապատուութեամբ պիտի   շարունակենք մեր ազգային նոր ռազմավարութիւնը ձեւակերպել:  Մեր  միասնականութեամբ,  համախոհութեամբ, բոլոր տարբերութիւնները մէկտեղելով՝  պիտի փորձենք այս դժուար եւ դժբախտ իրականութիւնը յաղթահարել:
Մեր աղօթքն ու մաղթանքը Առ Աստուած այն է, որ մեր  փրկութիւնը անձերու եւ կազմակերպութիւններու մէջ չտեսնենք, հապա  փրկութիւնը Փրկիչին մէջ տեսնենք։ Հաւատանք, որ փրկիչն Աստուծոյ, եթէ մօտենանք՝  կը մօտենայ մեզի, ուստի կը տեսնենք, որ պիտի հունաւորէ մեր աշխատանքը, քայլերը, տրամադրութիւնն ու  ազգին վախճանական նպատակը:
Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլայ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Թող 2021 տարին ըլլայ եղբայրասիրութիւնը տօնախմբելու,  յաղթութենէ յաղթութիւն, նուաճումէ նուաճում արձանագրող ժողովուրդի հանգամանքով եւ այս բոլորը՝ վերահսկող ու բացարձակ բարին  կամեցող  Գթառատ Հայր Աստուածը  մեզի հետ ըլլայ միշտ։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2021, 08:26