Լիբանանցիք կը պայքարին «Քորոնա»ի դէմ. Լիբանանցիք կը պայքարին «Քորոնա»ի դէմ. 

Լիբանանցիք կը պայքարին «Քորոնա»ի դէմ. Ներկայիս միակ յոյսը «Լոք տաուն»ի ամբողջական յաջողութիւնն է

Անշուշտ այս բոլորի կողքին կան մեծ յոյսեր, որ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած օրէնքի հիմքով յառաջիկայ փետրուար ամսուան ընթացքին Լիբանան հասնին «Քովիտ-19»ի առաջին պատուաստները։

 Լիբանանի մէջ թագաժահրով   պայմանաւորուած  համավարակային  դրութիւնը  կը շարունակէ մնալ   բարդ։ Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութի  իր աղբիւրէն։

 Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ  այսօր   երկրորդ  օրն ըլլալով Լիբանանի  ողջ տարածքին    համընդահնուր «Լոք տաուն»ը   ընդհանուր առմամբ   պաշտպանուած է։ Կը  նշուի նաեւ, որ   կառավարական մարմիններուն կողմէ  տարուած մեծ   ճիգերուն զուգահեռ     երկրի ԶԼՄ-ները  մեծ  աշխատանք կը տանին   իրազեկելու համար   իրավիճակին  տագնապալից ըլլալը։

 Այս  փուլին   Լիբանանն  ունի  մէկ  յոյս, որն է  «Լոք տաուն»ի   պահպանումը  ու ատոր զուգահեռ  անշուշտ  սպասել, որ   վարակուածներու  թիւը    նուազում գրանցէ։

  Միւս  կողմէ   կը շարունակէ    բարդ մնալ հիւանդանոցներու       դրութիւնը, մինչ  պետական մարմիններ      արդէն իսկ սկսած են  խօսիլ, որ   երկրով  մէկ տարածուած      կառավարական հիւանդանոցները     պիտի  ծառայեն   եւ ընդունին բացառապէս «Քորոնա»  հիւանդ  ծանր  պարագաները։

 Անշուշտ   այս  բոլորի կողքին    կան մեծ  յոյսեր, որ  Լիբանանի  խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած  օրէնքի հիմքով  յառաջիկայ փետրուար  ամսուան  ընթացքին Լիբանան  հասնին  «Քովիտ-19»ի   առաջին   պատուաստները։

 Ամէն  պարագայի տակ  աւելի քան  բացայայտ է, որ  «Քորոնա»ով  պայմանաւորուած  այսօրուան  իրավիճակը  մեղմանալու համար  պէտք ունի առնուազն      տաս  օրուան  «Լոք տաուն»ի  շրջանի մը,   պայմանաւ, որ  դրական մեծ  արդիւնքներու բացակայութեան   պարագային   Լիբանանի իրաւապահ մարմիններ   պարտադրուած  պիտի ըլլան ոչ ժողովրդային     օրէնքներ ընդունիլ  եւ երկարաձգել   այսօրուան  խստութեամբ  ընթացող «Լոք Տաուն»ի   կանոնները։

 Յիշեցնենք, որ  վերջին   օրերուն Լիբանանի   մէջ     «Քորոնա»ով    վարակուած     40   հիւանդներ կը մահանան, իսկ ամէնօրեայ     վարակակիրներու թիւը կ՚անցնի 5 հազարը։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2021, 08:55