Ինտոնեզիական  ջախջախուած օդանաւի վայրը Ինտոնեզիական ջախջախուած օդանաւի վայրը 

Ջախջախուած Ինտոնեզիական օդանաւի սեւ սնտուկներուն գտնուած վայրը ճշդուած է։

Ինտոնեզիական ծովուժի բանբերը յայտնած էր, որ աղէտեալ օդանաւը ջախջախուած է Ժաւայի ծովուն մէջ, եւ անկէ բեկորներ գտնուած են:

Ինտոնեզիոյ մէջ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան յանձնախումբին նախագահը երէկ յայտնեց, որ շաբաթ օր Ժաւայի ծովուն մէջ ջախջախուած օդանաւին սեւ սնտուկներուն գտնուած վայրը ճշդուած է: Ան օդանաւի բեկորներուն յայտնաբերումէն ժամեր ետք նշեց, որ սուզորդներ պիտի սկսին զանոնք փնտռել, եւ յոյս յայտնեց, որ անոնց վերատիրացումը երկար ժամանակ չխլէ:

Ինտոնեզիական ծովուժի բանբերը յայտնած էր, որ աղէտեալ օդանաւը ջախջախուած է Ժաւայի ծովուն մէջ, եւ անկէ բեկորներ գտնուած են:

«Փրկարարներու խումբերը յաջողեցան ծովուն մէջ բազմաթիւ բեկորներ գտնել, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ օդանաւը ամբողջութեամբ քանդուած է», նշած էր ան:

Նշենք, որ 50 ճամբորդներ փոխադրող եւ անձնակազմի 12 անդամ ունեցող «Պոյինկ 737-500» օդանաւը, որ կը պատկանէր «Սիրոժաւա» ընկերութեան, շաբաթ օր ջախջախուեցաւ Ինտոնեզիոյ մօտ:

ժամը շուրջ 14:40-ին, օդանաւին թռիչք առնելէն շուրջ չորս վայրկեան ետք, անոր հետ կապը կտրուած էր:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2021, 10:39