Լիբանանը` ամբողջական փակումի ենթակայ Լիբանանը` ամբողջական փակումի ենթակայ 

Լիբանանը` ամբողջական փակումի ենթակայ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 4988 պարագաներ, իսկ արձանագրուած է 36 մահուան պարագայ:
Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի մէջ այսօր սկսաւ գործադրուիլ երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումը, որուն նպատակն է հակակշռել «Քորոնա» համաճարակի տարածման թափը:

Երէկ երեկոյեան կառավարութիւնը Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի թիւ 26 որոշումին հիման վրայ հրապարակեց կարգ մը միջոցառումներ, որոնց պէտք է դիմել` արտակարգ դրութեան եւ ամբողջական փակումի ընթացքին փոխադրութեան արտօնութիւն ստանալու համար:

Այս միջոցառումները կը վերաբերին անոնց, որոնք կրակմարի դրութենէն չեն բացառուած:

Անոնք, որոնք կը փափաքին փոխադրութեան արտօնագիր ունենալ, կրնան լեցնել հետեւեալ ելեկտրոնային դիմումնագիրը` covid.pcm.gov.lb, վստահ ըլլալ տրուած արտօնութենէն եւ զայն ցոյց տալ ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Իսկ ո՛վ որ կը փափաքի արտակարգ եւ շտապ պայմաններու պատճառով տունէն դուրս ելլել, ապա պէտք է ելեկտրոնային կարճ նամակ մը ուղարկէ 1120 թիւին:

Նամակին մէջ պէտք է նշուի խնդրոյ առարկային անունը, հօր անունն ու մականունը, նահանգը եւ դուրս ելլելու պատճառը:

Թիւ 26 որոշումին շրջագիծին մէջ նշուեցան կարգ մը պատճառներ եւ անոնց համապատասխանող տեւողութիւնը, որոնք են.

– Փուռ` 1 ժամ:
– Դեղարան` 2 ժամ:
– Բժիշկի այցելութիւն` 4 ժամ:
– Հիւանդանոց` 8 ժամ:
– Անասնաբուժի այցելութիւն` 3 ժամ:
– Օրաթերթ կամ թերթ գնելու` 1 ժամ:
– Լումայափոխի կամ դրամ փոխանցելու գրասենեակի այցելութիւն` 2 ժամ:
– Ապրանքատեսակները վաճառատուն հասցնելու` 4 ժամ:
– Ապահովագրութեան գրասենեակի կամ Տամանի այցելութիւն` 4 ժամ:
– Պենզինի կայարան ուղղուելու` 1 ժամ:
– Լիբանանի մէջ օտար դեսպանատուներու պատկանող վիզայի յատուկ գրասենեակներու այցելութիւն` 4 ժամ:
– Կազի ընկերութեան այցելութիւն` 2 ժամ:
– Օդակայան ուղղուելու պարագային, դիմաւորելու համար` 6 ժամ, իսկ ճամբելու համար` 4 ժամ:
– Պանդոկ կամ կահաւորուած բնակարանի այցելութիւն` մէկ ուղղութեամբ (one way):
– Յուղարկաւորութիւն` 8 ժամ:
– Այլ պատճառներու պարագային` ճշդելի:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 4988 պարագաներ, իսկ արձանագրուած է 36 մահուան պարագայ:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն սեփական մարզին արտօնելու, որ «Քորոնա» ժահրի պատուաստներ ներածէ: «Մեզի համար անյստակ է, թէ ինչո՛ւ այս հարցով վարանումի մթնոլորտ մը կը տիրէ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ դրացի երկիրները արդէն իսկ սկսած են պատուաստումի հոլովոյթը», հաստատեց ան:

Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յանձնառու մնալու երկրին ամբողջական փակումին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է դիմել բոլոր միջոցներուն` պաշտպանելու համար իւրաքանչիւր ընտանիքի հարազատները, բժիշկներն ու հիւանդանոցները:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` ուրբաթ, 15 յունուար 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, քննարկելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստներու գործածութիւնը օրինականացնող կրկնակ աճապարանօք օրինագիծը:

Նշենք, որ առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ վերջնականապէս մշակեց «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստը ներածելու եւ օգտագործելու վերաբերող օրինագիծը, որ միայն «Ֆայզըր» ընկերութիւնը չի ներառեր, այլ` բոլոր ընկերութիւնները:

Յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ մարդիկ մինչեւ 2021-ի աւարտ պիտի տառապին «Քորոնա»-ի համաճարակէն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2021, 08:02