Հրեաներու ողջակիզումի յիշատակի օր Հրեաներու ողջակիզումի յիշատակի օր 

27 Յունուարը Հրեաներու ողջակիզումի յիշատակի օր

Օրը կը յիշատակէ Սովետական միութեան բանակին կողմէ Աուշվիցի դարպասներու կործանումը՝ 27 յունուար 1945-ին ։

Վատիկան Նիուզ

Այսօր՝ 27 յունուարին,  կը նշուի Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակի օրը։ Օրը կը յիշատակէ Սովետական միութեան բանակին կողմէ Աուշվիցի դարպասներու կործանումը՝ 27 յունուար 1945-ին ։

Վերոյիշեալ յիշատակի օրը որդեգրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2005-ին։ Մինչ՝ Իտալիոյ  խորհրդարանը զայն ընդունցած է 2000 թուականին, յիշատակելու համար Հրէաներու ողջակիզումը, անոնց կրած հալածանքները եւ բռնի տեղահան եղած Իտալացի ժողովուրդը։

Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակումի օրը կազմակերպուած է, նաեւ յիշելու համար բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով հանդերձ հակառակեցան ցեղասպանութեան ծրագրին, պաշտպանեցին եւ փրկեցին անթիւ հալածուածներու կեանքը։

Օրուան առթիւ ՄԱկ-ը  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ  "International Holocaust Remembrance Alliance" հրէական հաստատութիւնը կազմակերպած են «Օն Լայն» ձեռնարկ որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութիերէս, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  ընդհանուր քարտուղար՝ Օրտի Ազուլայ եւ Գերմանիայի վարչապետ Անկելա Մերքելը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2021, 08:11