Ահաբեկչական անձնասպանական գործողութիւններ  Պաղտատի մէ Ահաբեկչական անձնասպանական գործողութիւններ Պաղտատի մէ 

Ահաբեկչական անձնասպանական գործողութիւններ Պաղտատի մէջ.Կան տասնեակ զոհեր

Երկու «քամիքազներ» անձնասպան եղան իրենք զիրենք պայթեցնելով Պաղտատի «Սահաթ թայարան» շրջանի հին հագուստներու շուկային մէջ։

Վատիկան Նիուզ

Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ պատահած ահաբեկչական անձնասպանական երկու գործողութիւններու հետեւանքով  զոհուած են 28 անձեր, եւ կան տասնեակ վիրաւորներ։  Երկու «քամիքազներ» անձնասպան եղան իրենք զիրենք պայթեցնելով Պաղտատի «Սահաթ թայարան» շրջանի  հին հագուստներու շուկային  մէջ։

Մէկ ու կէս տարի ի վեր Իրաքի մէջ այսպիսի ահաբեկչական արարք մը չէր պատահած վերջին անգամ ահաբեկչական գործողութիւն մը արձանագրուած էր 2019-ի Յունիսին, Շիիթներու մզկիթի մը մէջ, որուն պատճառաւ զոհուած էին 7 անձինք ու այլ 20-ը վիրաւորուած։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2021, 12:01