Հրանդ Տինքի յիշատակին Հրանդ Տինքի յիշատակին 

Հայուն դէմ ձեր թշնամանքը իրապէս յոգնեցուցիչ դկսած է դառնալ. Ռաքէլ Տինք

«14 տարիէ ի վեր այս երկրին մէջ բազմաթիւ դաշինքներ կազմուեցան ու քանդուեցան։ Ըստ այդմ ալ մեր դատը անընդհատ գոյն փոխեց։ Անկարելի է չմտածել. արդեօք այս անգամ ո՞ր դաշինքի անդամներուն կ՛երկարի ծայրը։

ՊՈԼԻՍ.- 19 Յունուարին, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ հրատարակութեան տնօրէն Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ իր սպանութեան 14րդ տարելիցին առթիւ։ Ռաքէլ Տինք ամուսնոյն սպանութեան վայրը կատարած ելոյթին մէջ մատնանշեց պետութեան՝ ոճրագործութեան մէջ ունեցած դերը եւ պատասխանատուութիւնը։ Ստորեւ՝ Ռաքէլ Տինքի խօսքը.

«Այսօր այստեղ ենք համաճարակի պայմաններուն տակ՝ իր ցաւերով եւ անորոշութեամբ։ Գիտեմ, որ բազմաթիւ են մարդիկ, որոնց սիրտը հոս կը բաբախէ։

«Այստեղը վերածուեցաւ վայրի մը, ուր կը յիշուին ու կը յիշեցուին նիւթեր, զորս մոռցնել կ՛ուզեն։ Այստեղը վայր մըն է, ուր սորվեցանք ցաւերով եղբայրանալ, բաժնեկցիլ ցաւերը, առերեսուիլ։ Եղաւ վայր մը, ուր կը հաւաքուին մարդիկ, որոնք արդարութիւն ու ճշմարտութիւն կը փնտռեն, կը ցանկան։ Այստեղը վերածուեցաւ վայրի մը, ուր կը խօսուի անտարբերութեամբ, անգթօրէն անպատասխան, անարդիւնք մնացած դատերուն, ոճրագործութիւններուն մասին, զորս գործած է պետութիւնը, որոնց դէմ իր աչքը փակած է։

«Իբրեւ թոռը «թուրի աւելցուկ»ի մը, ո՛չ միայն ուրացան, մերժեցին դարերէ ի վեր մեր ապրած ցաւերը, այլ նաեւ իրենց սուտերը պսակեցին «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւն» եզրով։ Մտածա՞ծ էք երբեք, թէ արդեօք կը ցաւցնէք ոմանք, կը վիրաւորէք։ Հայուն դէմ ա՛լ վերջ մը չունեցող ձեր թշնամանքը, ձեր հայհոյանքները, անարգանքը, ոխը, բարկութիւնը իրապէս յոգնեցուցիչ սկսած է դառնալ։ Իսկ դուք չյոգնեցա՞ք ալ։ Մե՜ղք… Լռելը, յոխորտալը ամօթ է։ Տէրը բոլորիս օգնական…

«Ան որ չի սիրեր իր եղբայրը, զոր կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած, զոր չէ տեսած», կ՛ըսէ Աստուծոյ խօսքը։

«Պատասխանատուութիւն, դիւրազգածութիւն, արդարութիւն եւ ճիշդ մորմոք պէտք է՝ որպէսզի չկրկնուի։ Պէտք է խոստովանիլ, ներում խնդրել, ապաշխարել։

«Սիրելի բարեկամներ, այնքան վիշտ, կոտորած, ոճիր, սուգ, դատ կուտակուած են, որ կը քաշուինք մեր ցաւը արտայայտելէ։ Դժբախտաբար ունինք պետութիւն մը, որուն հարցերը չեն վերջանար իր քաղաքացիներուն հետ… Մինչդեռ ո՞վ, ի՞նչ շահած է սպաննելէ, թշնամանքէ, պատերազմէ, բացի մահուան, սուգի, ցաւի եւ սովի բազմապատկումէն։

«Եթէ կայ խաղաղութիւն, սէր, բարութիւն, առատութիւն եւ ուրախութիւն, ինչո՞ւ են պատերազմները, թշնամանքը, վատութիւնը եւ տանջանքը։ Այս բոլորը թշնամանք են նաեւ Աստուծոյ դէմ։ Այսպէ՞ս կ՛ըլլան մաքուր ձեռքերը։ Ո՞ր օճառով կարելի է մաքրել այս ժահրը։ Այսպէ՞ս կը պաշտպանուի մարդկային պատիւը։ Պետութիւնները, վարչութիւնները այսպէ՞ս է որ արժանապատիւ կը դառնան։

«14 տարիէ ի վեր կը շարունակուի ամուսնոյս դատը։ Այս 14 տարուան ընթացքին ինչպէ՞ս է որ չկրցան լուծել ոճիրի մը դատը։ Չկրցան լուծել, որովհետեւ իրենց նպատակը այդ չէ։ Կը ջանան փակել դատը, սակայն ամէնուր այնպէս մը տարածուած է որ չեն կրնար ձեւով մը ծրարել։ Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այսքան տարի ազդու հետաքննութեան մը չիրականացուիլը։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել սպառնալիք ուղղած, թիրախ ցոյց տուած անձերուն նոյնիսկ անգամ մը չհարցաքննուիլը։ Շուտով պիտի փորձեն դատը վերջացնել, նոր վճիռ մը արձակելով։ Եթէ վստահ էք որ դատը աւարտած է, ուրեմն ինչո՞ւ կը մերժէք մեր փաստաբաններուն պահանջները։ Ինչո՞ւ չէք հարցաքններ սպառնալիք ուղղած, թիրախ ցոյց տուած ու դրդած անձերը։

«14 տարիէ ի վեր այս երկրին մէջ բազմաթիւ դաշինքներ կազմուեցան ու քանդուեցան։ Ըստ այդմ ալ մեր դատը անընդհատ գոյն փոխեց։ Անկարելի է չմտածել. արդեօք այս անգամ ո՞ր դաշինքի անդամներուն կ՛երկարի ծայրը։

«Ըսենք յստակօրէն. ըսել, թէ Հրանդը ՖԷԹԷՕն (Կիւլենի շարժումը-Խմբ.) սպաննած է՝ հաւասար է ըսելու. «Ես չեմ ըրած, այլ՝ ձեռքս»։ Ըսել, թէ Հրանդը «Էրքենեքոն»ը սպաննած է՝ հաւասար է ըսելու. «Ես չեմ ըրած, այլ՝ ոտքս»։ Տարիներ շարունակ լեզուովդ պոռալով-կանչելով, ոտքովդ քալելով հասար հոս։ Եւ զէնքը երկու ձեռքովդ բռնած՝ բլթակը քաշեցիր։ Սպաննեցիր Ջութակս։ Եթէ դուն ո՛տքդ, ձե՛ռքդ, լեզո՛ւդ չես՝ հապա ո՞վ ես։ Տարօրինակ պետութեան մը երեւոյթը կայ այդքա՜ն ուրացողներու, ամբաստանեալներու ու վկաներու ետին, որոնք 14 տարիէ ի վեր կը ջանան փաստել, թէ իրենց պարտականութիւնը ըստ արժանւոյն կատարած են։ Պետութիւն մը, որ ոճրագործ մը չըլլալը փաստելու համար ուղղակի կը ջանայ փաստել, թէ յիմար մըն է… Ձգեցէք թող փլչին պատերը, շէնքերը։ Այս ժողովուրդը աւելի լաւը պիտի շինէ։ Իսկ եթէ պիտի չկարենայ շինել՝ կը նշանակէ, որ աւերակ մըն է։

«Աստուած կը զզուի եօթը բանէ։ Դժբախտաբար գոռոզութեան, սուտի վերջը չկայ։ Տեւական կը բազմանան մարդասպանները, խաբեբաները, անոնք, որոնք հաճոյք կը ստանան վատութենէ։ Եւ դժբախտաբար խտրական մտայնութիւնը կ՛աճի՝ նախանձ, թշնամութիւն ու սուտ շնչելով։ Կարելի է սգալ մեր երկրին համար, որովհետեւ այս բոլորը աւելիով կան»։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2021, 07:46