Քոնիա նահանգի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին «ծիծաղի տուն» պիտի դառնայ Քոնիա նահանգի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին «ծիծաղի տուն» պիտի դառնայ 

Քոնիա նահանգի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին «ծիծաղի տուն» պիտի դառնայ

19-րդ դարու շէնքը փակ էր երկրպագութեան եւ այցելուներու համար, սակայն վերականգնման նախագիծի աւարտէն ետք այն պիտի բացուի որպէս «Ծիծաղի համաշխարհային վարպետներու տուն»:

Թուրքիոյ իշխանութիւններու որոշմամբ՝ հարաւ-կեդրոնական Քոնիա նահանգին մէջ գտնուող եւ վերջերս վերանորոգուած հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին պիտի վերածուի մշակութային կեդրոնի, կը յայտնէ «Ակօս» թերթը:

19-րդ դարու շէնքը փակ էր երկրպագութեան եւ այցելուներու համար, սակայն վերականգնման նախագիծի աւարտէն ետք այն պիտի բացուի որպէս «Ծիծաղի համաշխարհային վարպետներու տուն»: Ծիծաղի կեդրոնի բացուելու յստակ ամսաթիւը յայտնի չէ:

Վերանորոգման ծրագիրն իրականացուած է Աքշեհիրի քաղաքապետարանի եւ Քոնիայի տարածաշրջանային զարգացման ծրագրի վարչութեան (KOP) կողմից. ընդհանուր արժէքը կազմած է 3.5 միլիոն թրքական լիրա:

Այս տարի սա վերջին եւ 6-րդ քրիստոնէական յուշարձանն է, որ կը վերափոխուի զբօսաշրջութեան վայրի կամ մզկիթի: Աւելի վաղ վերափոխման ենթարկուած էին բիւզանդական չորս եկեղեցի եւ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիա տաճարը:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2021, 10:01