Մարսէյի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնը յարձակումի ենթարկուեցաւ Մարսէյի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնը յարձակումի ենթարկուեցաւ 

Մարսէյի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնը յարձակումի ենթարկուեցաւ

Սոյն մշակոյթի կեդրոնը հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման կեդրոնատեղին է: Արցախեան պատերազմին ընթացքին այնտեղ կը պատրաստուէր Մարսէյէն եւ Ֆրանսայի հարաւէն Հայաստան ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 24 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6:40ին, անյայտ անձեր կրակ բացին Մարսէյի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնին ուղղութեամբ:

«Հայերն Այսօր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ,Աբովեան վարժարանի նախագահԿարէն Խուրշուտեան ըսաւ, թէ անիկա հայկական ամէնէն խորհրդանշական կեդրոններէն մէկն է: Սրահին մէջ շաբաթական դրութեամբ կ՛ուսանին առաւել քան 250 մանուկներ:  «Անհանգստութիւնս անսահման է: Վստահ եմ, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ, որ հետագային կարելի ըլլայ անվտանգ գործունէութիւն տանիլ: Մենք անկոտրում ենք», հաստատեց Խուրշուտեան:

Յարձակումէն ետք ոստիկանութիւնը հասաւ եւ հետազօտեց դէպքին վայրը: Կրակոցէն կոտրած է երկրորդ յարկի պատուհանը, ուր դաշնակի դասեր կը տրուէին: Տուժողներ չկան:

Նշենք, որ, մշակոյթի կեդրոնի նախագահը ոստիկանութեան դէպքին վերաբերեալ բողոք ներկայացուց:

Սոյն մշակոյթի կեդրոնը հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման կեդրոնատեղին է: Արցախեան պատերազմին ընթացքին այնտեղ կը  պատրաստուէր Մարսէյէն եւ Ֆրանսայի հարաւէն Հայաստան ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը:

Մինչ այդ նման դէպքեր տեղի ունեցած էին Պերլինի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փարիզի եւ Տեսինի մէջ, երբ վանտալիզմի ենթարկուեցան Կոմիտասի արձանը եւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Այս գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած էր «Գորշ գայլեր» թրքական ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումը, որ Ֆրանսայի մէջ լուծարուեցաւ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2021, 07:52