Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորեց նախագահ Ճօ Պայտընը Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորեց նախագահ Ճօ Պայտընը 

Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը

Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ նախագահ Պայտըն Ծերակոյտի անդամ եղած տարիներէն սկսեալ բարեկամական կապեր հաստատած է հայ ժողովուրդին հետ եւ յատուկ յարգանք ցուցաբերած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նկատմամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 23 յունուար 2021-ին, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը: Նորընտիր նախագահին ուղղած իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հայերը պատրաստ են գործակցելու իր եւ իր ղեկավարած վարչակազմին հետ` ի խնդիր մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու պաշտպանութեան, Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի կապերու ամրացման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատման աշխարհի տարածքին:

Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ նախագահ Պայտըն Ծերակոյտի անդամ եղած տարիներէն սկսեալ բարեկամական կապեր հաստատած  է հայ ժողովուրդին հետ եւ յատուկ յարգանք ցուցաբերած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նկատմամբ: Վեհափառ հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ ան վերանորոգ կերպով պիտի շարունակէ պաշտպանել ժողովրդավարութեան, ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան ու ցեղասպանութեան կանխարգիլման աշխատանքները, եւ այս ծիրէն ներս յոյս յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման գծով: Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս իր յաջողութեան մաղթանքները ուղղեց նախագահին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2021, 09:36