Որոնել

Ներկայացուցիչներու Տունը երկրորդ անգամ ըլլալով Թրամփը պաշտօնազրկելու դատ բացաւ։ Ներկայացուցիչներու Տունը երկրորդ անգամ ըլլալով Թրամփը պաշտօնազրկելու դատ բացաւ։ 

Ներկայացուցիչներու Տունը երկրորդ անգամ ըլլալով Թրամփը պաշտօնազրկելու դատ բացաւ։

Նախագահը ամբատանուած է կառավարութեան դէմ ապստամբութիւն հրարելու յանցանքով։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Չորեքշաբթի օր 232 քուէներով, նեռարեալ՝ 10 հանրապետականներու, երկրորդ անգամ ըլլալով նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնազրկելուի նպաստ քուէարկեց, հարցը փոխանցելով Ծերակոյտին։ Ան կ՛ամբատանուի կառավարութեան դէմ ապստամբութիւն հրարելու յանցանքով։

Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին նախագահը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով այս վիճակին կը մատնուի, հակառակ անոր, որ անոր պաշտօնավարութեան միայն քանի մը օրեր կը մնան։

Անցեալ շաբաթ Քոնկրեսէն ներս խուժած ահաբեկիչները քաջալերելու յանցանքով ամբաստանուող նախագահը կրնայ դարձեալ նախագահ ընտրուելու իռաւունքէն եւ նախկին նախագահներու վերապահուած իրաւասութիւններէն զրկուիլ, եթէ Ծերակոյտը հաստատէ ամբաստանագիրը։

Մինչ այդ, ապահովական խիստ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին 20 Յունուարին տեղի ունենալիք նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան առիթով ծայրայեղ ազգայնամոլներու կողմէ ակնկալուող վայրագ միջամտութիւններուն առաջքը առնելու համար։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2021, 07:45