Ճօ Պայտըն Ճօ Պայտըն 

Պայտըն ընտրիչներու քուէարկութեամբ ստացած է նախագահ դառնալու անհրաժեշտ ձայները։

Ընտրիչներու քուէարկութիւնը ընտրութեան արդիւնքը կը դարձնեն պաշտօնական, սակայն անոնք վերջնական պիտի դառնան 6 յունուարին, երբ Քոնկրեսի միացեալ նիստը զայն պիտի հաստատէ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրիչներու քուէարկութիւնը հաստատած է երկրի նախագահի պաշտօնին համար կատարուած նախագահական ընտրութիւններուն մէջ դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընի յաղթանակը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Պայտըն ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգի 55 ընտրիչներու բոլոր ձայները` հաւաքելով աւելի քան 270 ձայն, որ անհրաժեշտ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ դառնալու համար: Ան ընդհանուր 538 ձայներէն ստացած է 302-ը, իսկ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփը` 232:

Բոլոր նահանգներու ընտրիչները, ուր Թրամփ վիճարկած է Պայտընի յաղթանակը, իրենց ձայները տուած են դեմոկրատական թեկնածուին:

Ընտրիչներու քուէարկութիւնը ընտրութեան արդիւնքը կը դարձնեն պաշտօնական, սակայն անոնք վերջնական պիտի դառնան 6 յունուարին, երբ Քոնկրեսի միացեալ նիստը զայն պիտի հաստատէ:

Պայտըն ընտրիչներու քուէարկութեան արդիւնքին հրապարակումէն ետք ըսաւ. «ժամանակն է էջը փակելու»: Ան դատապարտեց Թրամփի` ընտրութեան արդիւնքը շրջելու փորձերը եւ ըսաւ. «Ժողովուրդին կամքը յաղթեց»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2020, 10:54