42 աշակերտներ ստացան հաղորդակցութեան մարզին մէջ վարժողական ծրագրի վկայագիր 42 աշակերտներ ստացան հաղորդակցութեան մարզին մէջ վարժողական ծրագրի վկայագիր 

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի BT դասարանի 42 աշակերտներ ստացան հաղորդակցութեան մարզին մէջ վարժողական ծրագրի վկայագիր

Վարժողական այս ծրագրի նպատակն էր թեքնիքըլ պաքալորէայի աշակերտները պատրաստել ապագայի գործի մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք օժտել համապատասխան գիտելիքներով եւ կարողութիւններով՝ յատկապէս բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ

17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի թեքնիքըլ պաքալորէայի (BT) դասարանի 42 աշակերտներ՝ Հիւրանոցային Կառավարման, Հաշուապահութեան եւ Համակարգչային Գիտութիւններու բաժիններէն, ստացան “Public Relation Practices” վարժողական դասընթացքի վկայագրեր, աւարտելէ ետք 3 մասերէ բաղկացած նշեալ դասընթացքը: Դասընթացքը վարեց ԻՆՖՈՐՄԱ կազմակերպութեան վկայագրեալ դասախօս Ռեպեքա Պու Շըպըլ-ՄըքՄիլան, հովանաւորութեամբ ՈՒԱԶՆԱԹ խորհրդատուական եւ գործի արեւելումի կազմակերպութեան:

Վարժողական այս ծրագրի նպատակն էր թեքնիքըլ պաքալորէայի աշակերտները պատրաստել ապագայի գործի մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք օժտել համապատասխան գիտելիքներով եւ կարողութիւններով՝ յատկապէս բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ: Դասընթացքը ընդգրկեց կարեւորագոյն խորագիրներ, ինչպէս հաղորդակցութեան ուժը՝ ներկայիս, հաղորդակցութեան սկզբունքները, հաղորդակցութեան ազդեցութիւնը՝ գործարարութեան մէջ, միջ-անձնային հաղորդակցութեան խնդիրները, հանրային խօսքարուեստ, հակամարտութեիւններու եւ տագնապներու լուծման սկզբունքներ:

Վկայագրերու յանձման արարողութեան Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտները՝ հակառակ ներկայի լարուած պայմաններուն դասընթացքի պարտաճանաչ հետեւողութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօս տիկնոջ եւ հովանաւոր կազմակերպութեան՝ աշակերտներու զարգացման եւ նոր կարողութիւններու ձեռքբերման նպաստող այս դասընթացքը արդիւնաւէտօրէն կատարելուն համար:

Տիկին Ռեպեքա Պու Շըպըլ-ՄըքՄիլան իր հերթին մեծագոյն գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ մասնակից աշակերտներու կարգապահութեան եւ խանդավառութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արուեստիցի տնօրէնութեան, աշակերտներուն ընձեռուած առիթին համար՝ ընդլայնելու համար իրենց գիտելիքները բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ:

Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2020, 07:56