Բժշկական հետազօտութիւն Բժշկական հետազօտութիւն 

Հայկական պատառիկներ 12: Պատմական Հայաստանի բժշկութինը եւ բուսաբուժութիւնը (2)։

Միջնադարեան Հայաստանի ականաւոր իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթ հինգերորդ դարու վերջին- վեցերորդ դարու սկիզբը հրաշալի ծանօթ էր Հիբոկրատեան բժշկութեան սկզբունքներուն։ Անոր «Սահմանք իմաստասիրութեան», «Վերլուծութիւն» եւ «Ներածութիւն» երկերուն մէջ շօշափուած են մարդու կազմութեան, կենսաբանութեան եւ դեղագիտութեան հարցերը։
Ունկնդրէ լուրը

Հայ մատենագրութեան մէջ չորս տարրերու եւ անոնց համապատասխանող չորս հիմնական հեղուկներու՝ արեան, լորձի, դեղինի եւ սեւ մաղձի հաւասարակշռութեան մասին առաջին անգամ խօսած է Եզնիկ Կողբացին իր երկին մէջ։ Հիւանդութիւններու յառաջացումը Եզնիկը կապած է հիմնական հեղուկներու հաւասարակշռութեան խախտումին հետ։ Հիւանդութիւններ կան, կ՚ըսէ ան, որոնք կը յառաջանան անկշիռ խառնուածքներէ, որովհետեւ մարդու մարմինը կը հանդիսանայ չորս տարրերու խառնուրդէն․ ուստի եթէ անոնցմէ որեւէ մէկը աւելնայ կամ պակսի, ապա կը յառաջանայ հիւանդութիւն։ Սակայն, հեղուկներէն բացի, Եզնիկը հաշուի կ՚առնէ արտաքին միջավայրի գործօններուն ազդեցութիւնները եւս, չափէն աւելի կամ անխտիր ամէն բան ուտելը, խմելը, խիստ ագահութիւնը, տաք կամ ցուրտ եղանակին աշխատիլը եւ այլ վնասակար հանգամանքներ։

Միջնադարեան Հայաստանի ականաւոր իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթ հինգերորդ դարու վերջին- վեցերորդ դարու սկիզբը հրաշալի ծանօթ էր Հիբոկրատեան բժշկութեան սկզբունքներուն։ Անոր «Սահմանք իմաստասիրութեան», «Վերլուծութիւն» եւ «Ներածութիւն» երկերուն մէջ շօշափուած են մարդու կազմութեան, կենսաբանութեան եւ դեղագիտութեան հարցերը։

Բժշկութեան նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է նաեւ հայ ականաւոր աստղագէտ եւ փիլիսոփայ Անանիա Շիրակացին, որ իր կազմած համառօտական արուեստի, ուսողութեան, տրամագիտութեան եւ փիլիսոփայութեան վերաբերող աշխատութիւններուն կողքին ստեղծած է նաեւ բժշկագիտական երկեր։ Դժբախտաբար այդ աշխատութիւններու մեծ մասը, ինչպէս նաեւ բնագիտական երկերը, այժմ կորած են։

Արաբական տիրապետութեան դէմ հայ ժողովրդի մղած դարաւոր պայքարը աւարտեցաւ հայկական պետականութեան վերականգնումով, որ նպաստեց Հայաստանի տնտեսութեան, արուեստներու, եւ մշակոյթի ծաղկումին։ Գիտութեան եւ մանաւանդ բժշկութեան զարգացման համար յատկապէս նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցան եօթներորդ դարուն Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակ։ Հաղբատի եւ Սանահինի վանահամալիրներուն մէջ ստեղծուեցան բարձրագոյն դպրոցներ, միջնադարեան համալսարաններ, ուր փիլիսոփայութեան եւ բնական գիտութիւններու կողքին ուսումնասիրուած էր նաեւ բժշկութիւնը։

Հին աշխարհի մշակոյթի եւ գիտութեան նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են հայ գիտնականները։

Կիլիկեան Հայաստանի եւ անոր բժշկութեան դպրոցի հետ կապուած է Մխիթար Հերացիի գիտական եւ բժշկական բեղմնաւոր գործունէութիւնը․ իր ժամանակակիցները եւ հետագայ ժամանակներու բժիշկները զինք կոչած են Մեծ Մխիթար։ Ան հիմնադիրն է միջնադարեան հայ բժշկութեան, ինչպէս Հիպոկրատեսը՝ Յունական, Քարիանոսը՝ Հռոմէական եւ Իպն Սինան՝ արաբական բժշկութեան համար։ Ան հաւաքած, ուսումնասիրած եւ ընդհանրացուցած է անցեալ դարու փորձը, ինչպէս դասական, այնպէս ալ ժողովրդական բժշկութեան բնագաւառներու մէջ՝ ստեղծելով այնպիսի աշխատութիւններ, որոնք այսօր ալ արժէքաւոր կը համարուին։ Մխիթար Հերացիի նախորդները՝ անյայտ եւ անանուն հայ բժիշկները, անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ կատարած են՝ թարգմանելով յոյն, հռոմէացի եւ արաբ բժիշկներու գիտական ժառանգութիւնը, ստեղծելով նաեւ շարք մը սեփական գործեր, գլխաւորապէս դեղագիտութեան եւ բուժման արուեստի բնագաւառներուն վերաբերող։

12-րդ դարու առաջին կէսին, հեռանալով հայրենի Հեր քաղաքէն (այժմու՝ Պարսկաստանի Խոյ քաղաքը), պատանի Մխիթարը կը մեկնի Կիլիկեան Հայաստան, որտեղ բժշկական կրթութիւն կը ստանայ՝ արժանանալով բժշկապետի պատուաւոր կոչումին։

Հայ բժշկապետի գիտական եւ բժշկական բեղմնաւոր գործունէութեան հետեւանքն եղաւ այն, որ ան արդէն 12-րդ դարու վաթսունական թուականներուն բժշկութեան մէջ մեծ համբաւ ստացաւ եւ դարձաւ Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսի մտերիմ բարեկամը։

Հարուստ փորձը Մեծ բժշկապետին թոյլ տուաւ պարզելու ժանտատենդի (tiphus)ի վարակիչ ըլլալը։

Բուժման այլազան միջոցներու շարքին, Հերացին մեծ տեղ յատկացուցած է ջրաբուժման շփումներուն, լոգանքին, ինչպէս նաեւ մարմնամարզական վարժութիւններուն։ Մեծ բժշկապետը լուրջ ուշադրութիւն դարձուցած է հոգեբուժական ձեւի ներշնչումին, այդ նպատակով օգտագործելով նաեւ երաժշտութիւնը։

Աւելի ուշ, Ամիր Տովլաթ Ամասիացին նոյնպէս հռչակաւոր եղած է՝ որպէս հայ բնագէտ-բժիշկ։ Ծնած է Ամասիա 15-րդ դարուն։ Բժշկութիւնը սորված է հաւանաբար Միջագետքի կամ Արաբիոյ մէջ։ Տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու, որոնց կարգին նաեւ արաբերէնի։ Ուսումնասիրած է հին միջնադարեան բժշկութիւնը։ Երկար տարիներ ապրած է Կ․Պոլիս։ Եղած է Սուլթան Մոհամատ 2-րդ-ի անձնական բժիշկը, վերջինս զինք պարգեւատրած է «Էմիր Մուալաթ» տիտղոսով։ Ունի բազմաթիւ բժշկական աշխատութիւններ։ Իր դեղագիտական     բնոյթի աշխատութիւններէն կարեւորագոյնը՝ «Անգիտաց Անպէտ»-ն է, որ հայերէն, յունարէն, պարսկերէն, արաբերէն, լատիներէն եւ թրքերէն լեզուներու հանրագիտարանային բնոյթի բառարան է։

Ժամանակակից բժշկութիւնը այսօր աւելի յաճախ կը դիմէ հայ աւանդական բժշկութեան հարուստ փորձին, օգտուելու համար միջնադարեան հայ բժշկութեան նուաճումներէն։ Հետեւաբար հայ բժշկութեան բազմադարեան հարուստ փորձը ոչ միայն զուտ պատմական նշանակութիւն ունի, այլ ան գիտական արժէք կը ներկայացնէ շարք մը հիւանդութիւններու պարագային։ Օրինակ՝ չարորակ ուռուցքներու, հոգեկան խանգարումներու եւ «ալերժիկ» հիւանդութիւններու բուժման համար, որոնց խնդիրը արդի գիտութեան մէջ դեռեւս լուծուած չէ։

Խմբագրեց՝ Սօսէ Փիլաւճեան

Հաղորդավար՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2020, 07:04