Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նուէրները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մանուկներուն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նուէրները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մանուկներուն 

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նուէրները՝ Հայաստանի եւ Արցախի 12,000 մանուկներու

1990ական թուականներու սկիզբէն ի վեր, ամէն Ծննդեան եղանակին, ԱՀԱԸի Սուրբ Ծնունդի ծրագիրը բազմաթիւ ժպիտներ եւ զուարճալի տօնակատարութիւններ կը պարգեւէ Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջ տարածքին հազարաւոր մանուկներու ու անոնց ընտանիքներուն, որոնք այս տարի աւելի շատ կարիքը ունին անոնց։

ԵՐԵՒԱՆ․- Սուրբ Ծննդեան նուէրներով լեցուն 12,000 պայուսակներ պիտի բաշխուին այս Նոր Տարուան եղանակին Հայաստանի եւ Արցախի մեր մանուկներուն։ Այս ծրագիրին իրագործման համար, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ), հովանավորութեամբ եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժինի աշխատակիցներուն հետ, «Աւետիսեան» կրթահամալիրի աշխատակազմը, իր 10րդ եւ 11րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ համատեղ չորս օրեր անդուլ աշխատեցան: Այդ ընթացքին անոնք դասաւորեցին եւ կարգաւորեցին նուէրներով լի պայուսակները՝ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով մանկական անհոգ առօրեայէն զրկուած եւ ընկերային անապահով պայմաններու մէջ յայտնուած Հայաստանի եւ Արցախի մեր մանուկներուն համար:

1990ական թուականներու սկիզբէն ի վեր, ամէն Ծննդեան եղանակին, ԱՀԱԸի Սուրբ Ծնունդի ծրագիրը բազմաթիւ ժպիտներ եւ զուարճալի տօնակատարութիւններ կը պարգեւէ Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջ տարածքին հազարաւոր մանուկներու ու անոնց ընտանիքներուն, որոնք այս տարի աւելի շատ կարիքը ունին անոնց։

Երաժշտութենէ եւ պարէ մինչեւ Սուրբ Ծննդեան ներկայացումներ եւ Կաղանդ պապայի այցելութիւններ․ Սուրբ Ծնունդը տարուան ուրախ եւ օրհնուած ժամանակն է այս մանուկներուն համար։

Դուք կրնաք միանալ մեզի եւ մաս կազմել այս ծրագիրին ։ Ոմանց համար այս պայուսակները կրնան միակ Սուրբ Ծննդեան նուէրները ըլլալ, որովհետեւ անոնց ընտանիքներու կարողութիւնը թոյլ չի տար ծախսելու իրենց համեստ եկամուտէն նման նուէրներու վրայ։

Նուազագոյն 15 տոլարի նուիրատուութիւն մը կրնայ ուրախութիւն բերել մէկ մանուկի։ Կը խնդրենք միանալ ԱՀԱԸին՝ շարունակելու Սուրբ Ծննդեան ոգին եւ ուրախութիւնը պարգեւելու մեր երեխաներուն:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել՝ այցելելով ԱՀԱԸը կաքէջը՝ www.amaa.org.

1918ին հիմնադրուած իբրեւ քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ ԱՀԱԸը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։

Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ՝ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհատարած 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստանի եւ Արցախի։

(Թղթակցութիւնը՝ ԱՀԱԸէն)

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2020, 06:58