Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստը 

Հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը պահանջողներուն պատասխանելով` «նախագահին հետ կարելի չէ այդ ձեւով վարուիլ» շեշտեց Ռայի պատրիարք

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը` առանց նախապայմաններու:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր Պքերքէի մէջ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան իրադարձութիւններն ու եկեղեցական շարք մը հարցեր:

Ունկնդրէ լուրը

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Մարոնի համադաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր` ընդգծելով, որ Ռայի պատրիարքը կառավարութեան կազմութիւնը կը նկատէ փրկութիւն` պահելու համար երկրին պետական հաստատութիւններն ու Լիբանանի հանդէպ վերականգնելու համար վստահութիւնը:

«Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ յապաղումն ու ձգձգումը պատճառ պիտի դառնան, որ լիբանանեան պետութիւնը անդամալուծուի եւ անոր հաստատութիւնները քանդուին», հաստատեց Խազեն:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանէն ուսանողական պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան պատրիարքը մերժեց Լիբանանը վերածել սակարկութեան խաղաքարտի մը` լուծելու համար շրջանային կամ միջազգային հարցեր:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը` առանց նախապայմաններու:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ լիբանանցիներուն հարցը այն է, որ իւրաքանչիւր կարեւոր քայլի ընթացքին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտի խախտում կ՛արձանագրուի:

Ան հաստատեց, որ դաշնակցային դրութիւնն ու մասնատումը բացարձակապէս մերժելի են` իբրեւ լուծում` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի տարածքին ընդարձակ կերպով գործադրել վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը պահանջողներուն պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելէ չէ այդ ձեւով վարուիլ եւ նախագահին հետ այդ ոճով խօսիլ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 08:34