Մեկնարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը Մեկնարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը 

Մեկնարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը

Հանդիպման ընթացքում քննարկուեցին առաջիկային ձեռնարկուելիք քայլերը, Հայոց Եկեղեցւոյ թեմերու եւ ազգային հաստատութիւններու համագործակցութեանն առնչուող հարցեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Աﬔնայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ հաստատուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը, որուն նպատակն է բացառաբար մարդասիրական ծրագրերով հոգատարութիւն ցուցաբերել Արցախի մէջ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած ժողովուրդին եւ պատերազմի հետեւանքով արցախեան գիւղերէն տարհանուած եւ Հայաստան ապաստանած ընտանիքներուն։

Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի միջոցով իրականացուող ծրագրի աշխատանքները պիտի համակարգէ ստեղծուած յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ  Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի։ Յանձնախմբի կազմին մէջ ընդգրկուած են եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ բոլոր մայրցամաքներէն։

Այս առիթով օրերս Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տեսակապի միջոցով հանդիպում ունեցաւ յանձնախումբի հետ։ Նորին Սրբութիւնը հայրական իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ յանձնախումբի անդամներուն, որ այս դժուարին ու ծանր օրերուն ստանձնած են Մայր Աթոռի նախաձեռնած ծրագրի շրջանակներէն ներս իրենց օգտաշատ աջակցութիւնը բերել Արցախի հայորդիներուն:

Հայոց Հովուապետն անդրադարձած է Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ այսօր ծառացած լուրջ մարտահրաւէրներուն՝ ընդգծելով, որ առկայ պայմաններուն մէջ Հայոց Եկեղեցին պէտք է ընէ ամէն անհրաժեշտը՝  առաւելագոյնս աջակցութիւն մատուցելու մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Այս առումով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւորած է յանձնաժողովի առաքելութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ նախատեսուած գործունէութիւնը կը ստանայ համազգային եւ համասփիւռքեան ընդգրկում:

Հանդիպման ընթացքում քննարկուեցին առաջիկային ձեռնարկուելիք քայլերը, Հայոց Եկեղեցւոյ թեմերու եւ ազգային հաստատութիւններու համագործակցութեանն առնչուող հարցեր։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2020, 11:00