Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան  

«Կառավարութիւնը պէտք է հրաժարական տայ, դրա մէջ ես արտառոց բան չեմ տեսնում». Արմէն Սարգսեան

Հարցազրոյցին ընթացքին նախագահը խօսեցաւ պատերազմի, խաղաղութեան եւ ներքաղաքական ճգնաժամի հանգուցալուծման տարբերակներուն մասին:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Սիվիլնեթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ կը կարծէր, թէ կառավարութիւնը պիտի արձագանգէր նախագահին առաջարկին եւ հրաժարական տար։

Հարցազրոյցին ընթացքին նախագահը խօսեցաւ պատերազմի, խաղաղութեան եւ ներքաղաքական ճգնաժամի հանգուցալուծման տարբերակներուն մասին:

«Եթէ դու ունես ճգնաժամ, եթէ պատերազմ ես պարտուել՝ տնտեսական թէ ռազմական, պէտք է նորից սկսես: Հակառակ դէպքում՝ պարտութիւնը դառնում է սովորական, այսինքն, դու շարունակում ես ապրել պարտուածի հոգեբանութեան տրամաբանութեամբ: Շատ յաճախ մարդիկ, եթէ պարտութիւն են ունենում, փորձում են այդ էջը փակել եւ նորից սկսել: Իմ առաջարկը տրամաբանական է, սովորական պետական ժողովրդավարական պետութեան տրամաբանութեան մէջ է, բացարձակապէս անձնաւորուած չէ: Խօսքը մեր երկրի եւ այն ճգնաժամային իրավիճակի մասին է, որ ունենք: Լուծումը կազմուած է հինգ պարզագոյն կէտերից: Առաջինը՝ ճանաչել, որ ունես ճգնաժամ, եւ, հետեւաբար, կառավարութիւնը պէտք է հրաժարական տայ: Ճիշդն ասած, այս քայլի մէջ ես որեւէ արտառոց բան չեմ տեսնում:

Կարծում էի, որ կառավարութիւնն առաջինը կը լինի, որ կ՛արձագանգի նախագահի առաջարկութեանը եւ կը սկսի ձեռնարկել այն, ինչ առաջարկել էի, այսինքն՝ հրաժարական, ժամանակաւոր կամ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն, որը դժուար է ձեւաւորել, որովհետեւ այդ դէպքում ոչ միայն կառավարութիւնը կամ իշխող ուժը պէտք է համաձայնութեան գայ, այլ նաեւ ընդդիմութիւնը:

Բայց տուեալ դէպքում ընդդիմութիւնը մի տեղ է, կառավարութիւնը՝ մէկ այլ: Այսօր մենք ունենք հասարակութիւն, որի մի մեծ մասը լուռ է, ձայնը չի բարձրացնում, չունենք 2-3 հարիւր հազարանոց ցոյցեր: Ճգնաժամ ունենալու համար պէտք չէ 2-3 հարիւր հազար մարդ փողոց դուրս գայ, ուղղակի պէտք է տեսնես, որ կայ ճգնաժամ: Հետեւաբար, առաջին քայլը կառավարութեան հրաժարականն է, եւ յետոյ ստեղծել կառավարութիւն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2020, 07:55