Նախագահ Արմէն Սարգսեան Եռաբլուր զինուորական Պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Արցախի պատերազմի նահատակներուն յիշատակին
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբերին այցելած է Եռաբլուր զինուորական պանթէոն:
Հանրապետութեան նախագահը եւ նախագահի աշխատակազմը յարգանքի տուրք մատուցած են արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած անոնց գերեզմաններուն:
Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Շատ դժուար օրեր են: Յոյս ունիմ, որ 2020-ի աւարտին հետ մենք պիտի փակենք ողբերգական ու դժբախտ էջը եւ պիտի կարենանք ոտքի կանգնիլ, նոր էջ բանալ: Միակ բանը, որ պիտի յիշենք 2020-էն, սուրբ յիշատակն է այն մարդոց, որոնք իրենց կեանքը տուին հայրենիքը պաշտպանելու համար: Բոլոր դժբախտութիւնները պէտք է դասեր ըլլան, այլ ոչ թէ ցաւոտ յիշողութիւններ:
Պէտք է նորէն սկսինք մեր կեանքը: Անհամբեր կը սպասեմ այս տարուան աւարտին»:
Քաղուած «Ազդակ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ