Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեան Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեան 

Իր Պատմութեան գիտակ մարդու համար ողբերգութիւն է սսիկա. Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Հարիւր հինգ տարի առաջ ցեղասպան թուրքը պատմական Հայաստանի մեր եկեղեցիներն ու վանքերը, պատմամշակութային կոթողները մեծ մասամբ գետնին հաւասարեցուց․ այսօր, նոյն ցեղասպանի «եղբայրը»՝ ազերին, նոյնը կ՝ընէ տարբեր ձեւերով

Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեան Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է Սպիտակի երկրաշարժի 32-րդ տարելիցին, զուգահեռ անցնելով այդ աղէտալի օրուան եւ մերօրեայ ողբերգութեան՝ Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած կապիտուլեացիայի խայտառակ յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք Արցախի մեծ մասի կորուստին եւ այնտեղ գտնուող սրբավայրերը ազրպէյճանցիներուն կողմէ իւրացնելու փաստին:

«Այսօր 7 Դեկտեմբեր է․ Լենինականի, Սպիտակի, Վանաձորի եւ շրջակայ գիւղերու ահաւոր երկրաշարժի 32-րդ տարեդարձն է։ Թուական մը, որ մեր արդի պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ մեծ աղէտի թուական։ Տարիներու սահանքին հետ, մեր ժողովուրդը իր վէրքերը դարմանեց վերականգնեց իր տունը եւ վերստին կառչած կեանքին սկսաւ հայրենանուէր աշխատանքին։ Այո վերականգնեց իր տունը, իր քաղաքը որովհետեւ իր հողին վրայ էր․ 9 Նոյեմբեր 2020 թուականը իր կարգին աղէտալի թուական իր կնքուած դաշնագրով, որմով մեր պատմական հողերուն կարեւոր մէկ մասը իր եկեղեցական, պատմամշակութային տաճարներով եւ կոթողներով ընծայեցինք անօրէն եւ անարգ թշնամիին, որ արդէն իսկ սկսած է նենգափոխել պատմութիւնը եւ դարաւոր մեր եկեղեցիներն ու վանքերը վերագրել «այսպէս կոչուած Ալբանացիներուն»։

Իր պատմութեան գիտակ մարդու համար ողբերգութիւն է ասիկա, հարիւր հինգ տարի առաջ ցեղասպան թուրքը պատմական Հայաստանի մեր եկեղեցիներն ու վանքերը, պատմամշակութային կոթողները մեծ մասամբ գետնին հաւասարեցուց․ այսօր, նոյն ցեղասպանի «եղբայրը»՝ ազերին, նոյնը կ՝ընէ տարբեր ձեւերով։ Ո՞ւր է UNESCO-ն, ո՞ւր են ժողովուրդներու պատմամշակութային ժառանգ եղող գանձերու պահապանները, ո՞ւր են մարդկային իրաւունքներու իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնները եւ վերջապէս ո՞ւր են խաղաղութեան ռահվիրանները»,- գրած է Սրբազան Հայրը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2020, 08:08