Ռազմագերիներ Ռազմագերիներ 

Ատրպէյճանէն վերադարձած գերիներուն եւ գերութեան մէջ գտնուողներու հարցի հետապնդում

Ադրբեջանից Հայաստան են տեղափոխուել պաշտօնապէս հաստատուած 44 գերիներ, որոնցից 26ի մասով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջներ էր ներկայացրել Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ատրպէճանէն Հայաստան փոխադրուած գերիներուն եւ տակաւին գերութեան մէջ գտնուող հայորդիներուն հարցը կը շարունակէ իր վրայ հրաւիրել հայկական զանազան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձած 14 քաղաքացիներ կը ստանան բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկութիւն, կը կատարուին համապատասխան քննութիւններ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային անոնք կ՛ենթարկուին բժշկական միջամտութիւններու։ Նշեալ քաղաքացիները որոշ ժամանակ պիտի մնան բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի քննչական կոմիտէի ծառայողները կատարեցին անհրաժեշտ քննչական եւ այլ դատավարական գործողութիւններ՝ Հայաստան տեղափոխուած 44 ռազմագերիներու եւ գերի առնուած քաղաքացիներու մասնակցութեամբ: Կոմիտէն կատարեց հարցաքննութիւններ եւ փորձաքննութիւններ։

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակը իր կարգին կը շարունակէ ամէնօրեայ աշխատանքները ատրպէյճանական կողմի խախտումներուն, որոնց կարգին գերի առնուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ պահանջներ ներկայացնելու ուղղութեամբ։

«Ադրբեջանից Հայաստան են տեղափոխուել պաշտօնապէս հաստատուած 44 գերիներ, որոնցից 26ի մասով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջներ էր ներկայացրել Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան։ Այս ողջ ընթացքում ՄԻԵԴում ՀՀ ներկայացուցչի գրասենեակը համակարգել է մեր հայրենակիցների կոնվենցիոն (պայմագրայաին-Խմբ.) իրաւունքների պաշտպանութեանն ուղղուած աշխատանքները եւ ակտիւօրէն (աշխուժօրէն-Խմբ.) կապի մեջ է եղել գերեվարուած անձանց հարազատների հետ», կ՛ըսուի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։

Կը հաղորդուի, որ անվտանգութեան նկատառումներով, ինչպէս նաեւ իրաւասութեան առանձնայատկութիւններէն մեկնելով՝ բոլոր աշխատանքներուն մասին հրապարակումներ չեն կատարուիր։

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան դիտել տուաւ, որ պէտք է նոր թափով շարունակել գերիներու  վերադարձին վերաբերող ջանքերը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի մէջ տակաւին կը պահուին որոշ թիւով հայ գերիներ, որոնց մէկ մասին վերաբերեալ անհերքելի ապացոյցները փոխանցած եւ կը փոխանցեն պետական ու միջազգային լիազօր մարմիններուն:

«Բացի նրանցից, դեռ առկայ են անհետ կորած բազմաթիւ ռազմագերիներ ու տասնեակ քաղաքացիական անձինք, որոնց մի մասը, յուսանք, ողջ են եւ նրանց եւս պէտք է տուն վերադարձնել, իսկ եթէ՝ ողջ չեն, ապա առնուազն պարզել նրանց ճակատագիրը: Այնպէս որ դեռ մեծածաւալ անելիքներ կան այս ուղղութեամբ, եւ ես պատրաստ եմ շարունակել առաւելագոյն աջակցութիւնս այս գործընթացի հիմնական դերակատարներին, որպէսզի բոլոր յայտնի ու դեռեւս անյայտ գերիները կարճ ժամկէտում հասնեն իրենց օջախներ», յայտնեց Արտակ Բեգլարեան:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2020, 07:46