Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 

ՀՀ Նախագահը նամակ յղած է Վլատիմիր Փութինին

Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու Սփիւռքը խիստ անհանգստացած են ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը ազրպէյճանական կողմին մէջ գտնուող ռազմագերիներու, պատանդներու վերադարձին հարցով դիմած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Լուրը կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու Սփիւռքը խիստ անհանգստացած են ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակով:

Ռուսիոյ նախագահի միջնորդութիւնը մեծ աջակցութիւն պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած մեր զինուորականներն ու քաղաքացիական անձերը, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն խնդրի լուծման գործին մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2020, 07:30