Սուգի մէջ մայրեր Սուգի մէջ մայրեր 

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տունը դատապարտած Է Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը

Ի շարս այլ կէտերու, խորհրդարանը մասնաւորաբար կը դատապարտէ այն վնասակար դերը, որ խաղացած է Թուրքիան այս պատերազմին ընթացքին, եւ անկէ կը պահանջէ «դադրեցնել զինուորական միջամտութիւնը այս տագնապին» եւ զերծ մնալ «շրջանին մէջ ապակայունացնող դերակատարութենէն»:

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տունը 130 թեր եւ 12 ձեռնպահ քուէներով որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ ատոր հետեւանքներուն վերաբերող բանաձեւ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Պելճիքայի հայերու կոմիտէն:

Կը նշուի, որ բանաձեւը «կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ 27 սեպտեմբեր 2020-ին զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը», եւ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ձեռնարկելու շարք մը քայլերու, որոնք ուղղուած են պատերազմէն վնասուած բնակչութեան հոգերը թեթեւցնելու, պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուները բացայայտելու եւ դատապարտելու, ինչպէս նաեւ զինադադարի դրութիւնը պահպանելու եւ բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններն ու անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը յարգող խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ տանելու: Ի շարս այլ կէտերու, խորհրդարանը մասնաւորաբար կը դատապարտէ այն վնասակար դերը, որ խաղացած է Թուրքիան այս պատերազմին ընթացքին, եւ անկէ կը պահանջէ «դադրեցնել զինուորական միջամտութիւնը այս տագնապին» եւ զերծ մնալ «շրջանին մէջ ապակայունացնող դերակատարութենէն»:

«Պելճիքայի հայերու կոմիտէն կ՛ողջունէ այն փաստը, որ խորհրդարանը յստակ եւ կառուցողական դիրքորոշում որդեգրած է այս հարցին վերաբերեալ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն խորհրդարանականներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են ատոր մէջ: Այսպիսով, բանաձեւը ճամբայ կը բանայ շրջանին մէջ որոշակի եւ կառուցողական գործողութիւններու համար:

«Կոմիտէն կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` առանց յապաղելու գործելու խորհրդարանի առաջարկներուն համաձայն: Ան մասնաւորաբար կ՛ընդգծէ մարդասիրական օգնութեան հրատապութիւնը եւ շրջանին մէջ պելճիքական ներկայութիւնը:

«Այսօր Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց նաեւ այլ փաստաթուղթ մը, որ առաջարկուած էր երեսփոխան Միշել տէ Մակտի կողմէ: Այդ փաստաթուղթով 9 դեկտեմբերը կը սահմանուի Պելճիքայի պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած ազգային օր: Կոմիտէն կ՛ողջունէ այս որոշումը, որ պիտի նպաստէ ցեղասպանութեան երեւոյթի ընկալման», նշուած է Պելճիքայի հայերու կոմիտէին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2020, 07:30