Ազերի Զինուորներ Ազերի Զինուորներ 

Եւրոպական Խորհրդարանի անդամը կը մատնանշէ հայ գերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը։

Ազրպէյճանցի զինուորը կը գլխատէ հայ ծերունին: Պատերազմական յանցագործութիւն, որուն կ՛աջակցի օսմանեան բռնակալ Էրտողանը: Ճիշդ ժամանակն է, որ Եւրոպական խորհրդարանը շարք մը պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ

Եւրոպական խորհրդարանի Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Փեթեր Վան Տալեն իր պաշտօնակիցներուն մէջէն եղած է առաջինը, որ արձագանգած է վերջերս համացանցի վրայ տարածուած այն դաժան տեսագրութեան, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ազրպէյճանցի զինուորը ինչպէ՛ս կը կտրէ հայ ծերունիի գլուխը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

«Ազրպէյճանցի զինուորը կը գլխատէ հայ ծերունին: Պատերազմական յանցագործութիւն, որուն կ՛աջակցի օսմանեան բռնակալ Էրտողանը: Ճիշդ ժամանակն է, որ Եւրոպական խորհրդարանը շարք մը պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երեսփոխանը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2020, 09:58