Մինսկի Խմբակի Նախագահները այցելեցին Հայաստան Մինսկի Խմբակի Նախագահները այցելեցին Հայաստան 

Մինսկի Խմբակի Նախագահները այցելեցին Հայաստան

Համանախագահները պարտաւորուած են նաեւ ճշգրիտ առաջարկներ ներկայացնելու կողմերուն՝ հետագայ քննարկումներուն համար հանդիպումներուն ընթացքին բարձրացուած հարցերուն վերաբերեալ
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըր (Ամերիկա), ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ալեքսէյ Սինեկուպով 14 Դեկտեմբերին այցելեցին Հայաստան եւ տեսակցեցան վարչապետ Փաշինեանի հետ։

Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ նկատեց Մինսկի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ բանակցութիւններու վերականգնումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծման նպատակով: Վարչապետը իբրեւ առաջնահերթութիւն ընդգծեց Արցախի կարգավիճակի յստակեցումը։ Ան դատապարտելի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու խախտումը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին, բանակցային գործընթացի վերսկսման, արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնման եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերող հարցեր:

Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։

Հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ հաստատուած զինադադարին յաջորդած զարգացումները, արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնման եւ պաշտպանութեան հարցեր:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ տարբեր մակարդակներով հնչող յայտարարութիւններուն մէջ  շարունակաբար արտացոլացող ատելութեան եւ հայատեաց խօսքին՝ նախարարը շեշտեց, որ այդպիսով անգամ մը եւս կը փաստուի Ատրպէյճանի անկարողութիւնը՝ կառուցողաբար ներգրաւուելու խաղաղ գործընթացին մէջ եւ հրաժարելու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի դիրքերէն հանդէս գալու քաղաքականութենէն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ Մինսկի խմբակի նախագահներուն հանդիպումը չեղեալ նկատուած է հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ։ «Համանախագահների եւ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը չեղարկուել է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ: Պատճառը ոչ լիարժէք ձեւաչափն է, յատկապէս հաշուի առնելով այն, որ ռուս համանախագահը տարածաշրջանային այցին չի մասնակցում», նշեց Պօղոսեան:

Աւելի ուշ համանախագահները հրապարակեցին տեղեկագրական յայտարարութիւն մը՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան իրենց կատարած այցելութիւններուն մասին՝ նշելով. «Երկու մայրաքաղաքներուն մէջ ալ կողմերը ներկայացուցին իրավիճակի գնահատականը եւ յայտնեցին յառաջիկայ տարուան ընթացքին համանախագահներուն հետ համագործակցութեան վերաբերեալ իրենց ակնկալիքները: Նկատի եւնենալով նոր իրողութիւնները՝ համանախագահները հաստատեցին իրենց շարունակական նուիրուածութիւնը՝ կողմերուն հետ կառուցողականօրէն համագործակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում խթանելու եւ հարցերը լուծելու համար:

«Համանախագահները պարտաւորուած են նաեւ ճշգրիտ առաջարկներ ներկայացնելու կողմերուն՝ հետագայ քննարկումներուն համար հանդիպումներուն ընթացքին բարձրացուած հարցերուն վերաբերեալ»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2020, 08:00