«Հրանդ Տինք» հիմնարկ «Հրանդ Տինք» հիմնարկ 

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի՝ «Ատելութիւն եւ խտրականութեան» խորհրդաժողովը

Ամբողջ աշխարհի տարածքին բեւեռացումի եւ ատելութեան պատգամներու աճած մէկ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցող ձեռնարկին պիտի մասնակցին Թուրքիայէն եւ արտերկրէն խտարականութեան, ցեղապաշտութեան, գաղթականութեան, փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներու մասնագէտներ

Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ՝ «Նուման» հիմնարկի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած՝ «Ատելութիւն եւ խտրականութիւն» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 11-12 Դեկտեմբերին՝ առցանց։ «Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ակադեմականներու, իրաւագէտներու, միութիւններու եւ լրագրողներու մէկտեղումով իրականանալիք երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին թէ՛ ակադեմական գործեր եւ թէ պայքարի գործնական եղանակներ։

Ամբողջ աշխարհի տարածքին բեւեռացումի եւ ատելութեան պատգամներու աճած մէկ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցող ձեռնարկին պիտի մասնակցին Թուրքիայէն եւ արտերկրէն խտարականութեան, ցեղապաշտութեան, գաղթականութեան, փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներու մասնագէտներ։

Արձանագրութիւնները կատարել https://hrantdink.org/tr/asulis/faaliyetler/konferans կայքէջին միջոցաւ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2020, 07:54