Մեսրոպեան վարժարան Մեսրոպեան վարժարան 

Հաղորդակցութեան մարզին մէջ վարժողական ծրագիր՝ BT-ի աշակերտներուն

Ծրագիրը կը բաղկանայ վարժողական 7 դասապահերէ, որոնց աւարտին աշակերտներուն պիտի շնորհուի “Certificate in Public Relation Practices” վկայագիրը:

Նոյեմբեր 28-ին, Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ ընթացք առաւ վարժողական նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է թեքնիքըլ պաքալորէայի (BT) աշակերտները պատրաստել ապագայի գործի մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք օժտել համապատասխան գիտելիքներով եւ կարողութիւններով՝ յատկապէս բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ: 

Ծրագիրը կը բաղկանայ վարժողական 7 դասապահերէ, որոնց աւարտին աշակերտներուն պիտի շնորհուի “Certificate in Public Relation Practices” վկայագիրը: Ծրագրի ղեկավարն է ԻՆՖՈՐՄԱ կազմակերպութեան վկայագրեալ  Ռեպեքա Պու Շըպըլ-ՄըքՄիլան, որուն հետ Մեսրոպեանի գործակցութիւնը կեանքի կոչուեցաւ ՈՒԱԶՆԱԹ խորհրդատուական եւ գործի արեւելումի կազմակերպութեան շնորհիւ:

Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 14:09