Ռուս խաղապահներ Ռուս խաղապահներ 

Ազրպէյճան խախտեց 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութիւնը` յարձակելով Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն վրայ

Արցախի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած էր, որ 11 դեկտեմբերին` ժամը 20:40-ին, պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ թշնամին ձեռնարկած է յարձակման փորձի:
Ունկնդրէ լուրը

Ազրպէյճանական կողմը 12 դեկտեմբերին վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերուն ուղղութեամբ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկած են համարժէք միջոցառումներ` թշնամիի աշխուժութիւնը ճնշելու համար:

Նշենք, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ 11 դեկտեմբերին` ժամը 20:40-ին, պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ թշնամին ձեռնարկած է յարձակման փորձի:

Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած է. «11 դեկտեմբերին` ժամը 20:40-ի սահմաններուն, օգտուելով այն փաստէն, որ Արցախի Հանրապետութեան տուեալ հատուածին մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայուած չեն, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու յատուկ ջոկատային ստորաբաժանումները յարձակած են արցախեան-ազրպէյճանական շփման գիծի` Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերու հատուածին վրայ:

«Խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական բարձրագոյն ղեկավարութեան` մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վերաբերեալ եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու այս կոպտագոյն խախտումը` կ՛ընդգծենք, որ նշուած գործողութիւնները նպատակ ունին արժեզրկել Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը տագնապի գօտիին մէջ»:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը ընդլայնած են պատասխանատուութեան գօտին` Արցախի մէջ եռակողմանի յայտարարութեամբ սահմանուած հրադադարի` 11 դեկտեմբերին Հատրութի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ խախտումէն  ետք: Ռուսական խաղաղապահ ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Հին թաղերը եւ Խծաբերդը:

Հատրութի շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառները եւ լուծման միջոցները գտնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը դիմած է Հայաստանի Ազգային ժողովին` շուտով գումարելու արտահերթ նիստ:

Իսկ Mediaport-ի աղբիւրին համաձայն, երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին  թշնամին յարձակած է Սիւնիքի մարզի Ագարակ գիւղին ուղղութեամբ, Կապանի պաշտպանական դիրքերուն վրայ (օդակայանի ճամբան տանող հատուածը): Կապանի մէջ յայտարարուած է No1 դրութիւն, թշնամին կէս ժամ անդադար կրակած է:

Թշնամին դադրեցնելէ ետք կրակը` հայկական կողմին 10 ժամ ժամանակ տուած է պաշտպանական դիրքերէն հեռանալու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2020, 09:04