Ֆրանսայի Խորհրդարանը եւս ճանաչցաւ Արցախի հանրապետութիւնը Ֆրանսայի Խորհրդարանը եւս ճանաչցաւ Արցախի հանրապետութիւնը 

Ֆրանսայի Խորհրդարանը եւս ճանաչցաւ Արցախի հանրապետութիւնը

Յիշեցնենք, որ 25 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով ընդունեց Արցախի անկախութիւնը ճանաչցող բանաձեւ մը:

ՓԱՐԻԶ.- Հետեւելով Ծերակոյտին օրինակին՝ Ֆրանսայի խորհրդարանը այսօր 188 կողմ եւ 3 դէմ ձայներով ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, կ՛ընդգծէ կառավարութեան կողմէ եւս Արցախի անկախութեան ճանաչման հրատապ անհրաժեշտութիւնը եւ կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները։

Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ժիւլ Պոյաճեան ողջունեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ այժմ Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւս պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, աւելցնելով, որ բանաձեւը վաւերացուած է հակառակ արտաքին գործոց նախարարութեան բանեցուցած ճնշումներուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրուատեց Ֆրանսայի խորհրդարանին այս որոշումը, կոչ ընլով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւներուն, որ հետեւին Մինսկի խմբակի համանախագանհներէն մէկը հանդիսացող երկրին օրինակին։

Յիշեցնենք, որ 25 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով ընդունեց Արցախի անկախութիւնը ճանաչցող բանաձեւ մը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 07:32