Ռուս Խաղաղապահեր Ռուս Խաղաղապահեր 

Ռուս խաղաղապահները Ղարաբաղի մէջ վնասազերծած են առաւել քան 1000 վտանգաւոր ռումբեր

Յայտնաբերուած ռումբերուն մէկ մասը պիտի տեղափոխուի, իսկ միւս մասը, որ կարելի չէ փոխադրել, յատուկ սարքերով պիտի ոչնչացուի՝ ապահովելով անվտանգութեան անհրաժեշտ միջոցառումները:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային հակաականային կեդրոնի զինուորական ծառայողները կը շարունակեն իրենց հետախուզութեան եւ տեղանքի ականազերծման աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:

Ռուսիոյ  պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ ռուս խաղաղապահները Լաչինի միջանցքին մէջ կատարած են պայթումի վտանգ ներկայացնող ռումբերու հեռացման աշխատանքներ եւ ապահոված են մարտական գործողութիւններուն ընթացքին վնասուած ելեկտրամատակարարման  բարձրավոլթ գիծերու վերականգնման աշխատանքներ իրականացնող ջոկատներու անվտանգութիւնը:

Յայտնաբերուած ռումբերուն մէկ մասը պիտի տեղափոխուի, իսկ միւս մասը, որ կարելի չէ փոխադրել, յատուկ սարքերով պիտի ոչնչացուի՝ ապահովելով անվտանգութեան անհրաժեշտ միջոցառումները:

Ընդհանուր առմամբ, վնասազերծուած է աւելի քան 29 հեկտար տարածք եւ շուրջ 10 քիլոմեթր ճանապարհ. ստուգուած են առաւել քան 100 տուներ եւ այլ կառոյցներ, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած են շուրջ 1000 ռումբեր:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 08:47