ՀՀ Արգործ նախարարութեան շէնքը։ ՀՀ Արգործ նախարարութեան շէնքը։ 

Հայաստան կը դատապարտէ Ազրպէյճանի Նախագահին սադրիչ յայտարարութիւնները

Հայաստանի հանդէպ տարածքային նկրտումներու վերաբերեալ բարձրաձայնումը լրջագոյն կասկածի տակ կը դնէ Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Մանէ Գէորգեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սպառնալիքի դիրքերէ հայ ժողովուրդին հետ խօսիլը դատապարտելի է եւ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն կայունութիւն չի ստեղծեր: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն:

Ան յայտնեց, որ Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախագահին սադրիչ յայտարարութիւնները: «Հայաստանի հանդէպ տարածքային նկրտումներու վերաբերեալ բարձրաձայնումը լրջագոյն կասկածի տակ կը դնէ Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ եւ նպատակաուղղուած կերպով կը վտանգէ շրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:

Ան դիտել տուաւ, որ կատարուած յայտարարութիւնները առաւել քան այժմէական կը դարձնեն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը` իբրեւ արցախահայութեան նկատմամբ ազրպէյճանական ցեղասպան նոր նկրտումները կանխելու միջոց:

Մ. Գէորգեան նկատել տուաւ, որ Պաքուէն կատարուած յայտարարութիւնները կը հակասեն 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ոգիին եւ դրոյթներուն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2020, 07:59