Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2021ը հռչակեց Արցախի Տարի Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2021ը հռչակեց Արցախի Տարի 

Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2021ը հռչակեց Արցախի Տարի

Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը պիտի կարդացուի Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, ինչպէս նաեւ նոյն եւ յաջորդ Կիրակի օրերը՝ մեր բոլոր թեմերէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2003 թուականէն սկսեալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային վերաբերող արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը: Այս ծիրին մէջ, մեր թեմերէն ներս զանազան ձեռնարկներու ճամբով տուեալ տարուան թեման դարձած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յատուկ առարկան՝ վերաշեշտելով մեր հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութեան հրամայականը:

Մեկնելով Արցախին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութենէն, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին պատերազմին հետեւանքով Արցախի շուրջ ստեղծուած մեր խոր մտահոգութենէն, հայրապետը 2021 տարին հռչակեց ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ:

Վեհափառ հայրապետին հռչակագիրը պիտի կարդացուի Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Կիրակի, 10 Յունուար 2021ին, ինչպէս նաեւ նոյն եւ յաջորդ Կիրակի օրերը՝ մեր բոլոր թեմերուն մէջ:

Յայտնենք, որ յիշեալ հռչակագիրին մէջ Արցախի մեր ընտանքիներուն կատարուած օժանդակութեան կոչին իբրեւ առաջին գործնական քայլ, վեհափառ հայրապետը թելադրեց, որ նոր տարուան առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան տօնախմբութիւններէ եւ այդ առիթով կատարուելիք ծախսերը յատկացնեն Արցախի մեր մանուկներուն:

 

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2020, 07:35