Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները կոչ ուղղեցին Նիկոլ Փաշինեանին՝ հրաժարելու վարչապետի լիազօրութիւններէն Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները կոչ ուղղեցին Նիկոլ Փաշինեանին՝ հրաժարելու վարչապետի լիազօրութիւններէն 

Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները կոչ ուղղեցին Նիկոլ Փաշինեանին՝ հրաժարելու վարչապետի լիազօրութիւններէն

«Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի մեր նահատակները, վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում, գերիներուն վերադարձ ու սգաւոր ընտանիքներուն մխիթարութիւն պարգեւէ, եւ մեր ազգն ու հայրենիքը հեռու պահէ ամէն տեսակ չարէ ու չարիքներէ»։

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող ուղերձներով յորդորեցին Նիկոլ Փաշինեանը՝ իր հրաժարականը ներկայացնելու։

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հրապարակեց հետեւեալ ուղերձը.

«Սիրելի՛ զաւակներ մեր՝ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,

Պատերազմի արհաւիրքից յետոյ ցաւի, մտահոգութեան եւ տագնապի ծանր օրեր ենք ապրում։ Հազարաւոր մեր հերոս զաւակների նահատակութիւնը, պատմական Արցախ աշխարհի զգալի մասի կորուստը, պատերազմի աղէտալի հետեւանքները եւ արտաքին վտանգի առաւել մեծ սպառնալիքը ալեկոծել են մեր հոգիները, խաթարել համերաշխութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը հայրենիքում ու սփիւռքում։

«Ստեղծուած ծանր իրադրութիւնը եւ ներքաղաքական խորը ճգնաժամը նոր վտանգների առջեւ է կանգնեցրել հայրենի մեր երկիրը՝ կենսական դարձնելով յառնած լրջագոյն մարտահրաւէրների հրատապ լուծման անհրաժեշտութիւնը։

«Օրէցօր բարդացող իրավիճակի առնչութեամբ քննարկումներ ենք անցկացրել առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցու եպիսկոպոսաց դասի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի անդամների հետ։ Հանդիպումներ ենք ունեցել նաեւ Հանրապետութեան նախագահի, Ազգային ժողովի նախագահի, քաղաքական ու ազգային զանազան կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչների հետ։ Համընդհանուր համոզումն է, որ օրհասական այս կացութիւնը պէտք է իր հանգուցալուծումը գտնի բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով, ազգային համերաշխութեան ու ողջախոհութեան պայմաններում։

Հայրենի մեր երկրում տեղ գտնող տագնապալից զարգացումներին եւ առկայ մտահոգութիւններին ընդառաջ՝ մենք հանդիպում ունեցանք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ տիար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Թելադրուած երկրի առջեւ ծառացած եւ ահագնացող ներհասարակական լարուածութեամբ, արտաքին եւ ներքին լուրջ մարտահրաւէրներով եւ վարչապետի անձի նկատմամբ հանրային վստահութեան պակասով՝ հայրաբար յորդորեցինք յանձնառութիւն ստանձնել եւ վայր դնել վարչապետի լիազօրութիւնները՝ կանխելու համար հասարակական կեանքում ցնցումները, նաեւ հնարաւոր բախումներն ու ողբերգական հետեւանքները։

«Այս առումով նաեւ կոչ ենք ուղղում Ազգային ժողովին՝ մեր հայրենիքի համար այս վճռորոշ պահին գործել ամենայն պատասխանատուութեամբ, ականջալուր լինել հանրութեան լայն շրջանակների կողմից հնչող պահանջներին եւ քաղաքական ուժերի հետ համախորհուրդ ընտրել նոր վարչապետ ու ձեւաւորել ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն։ Միայն հանրային վստահութիւն ունեցող եւ արհեստավարժ անձերից կազմուած կառավարութիւնն է, որ կարող պիտի լինի կարգաւորել մեր ժողովրդի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները, վերականգնել ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը եւ կազմակերպել անվիճարկելի անհրաժեշտութիւն ներկայացնող խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները։

«Հայրական մեր պատգամն ենք բերում հաւատաւոր մեր ժողովրդին, իշխանութիւններին եւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերին՝ դժուարին այս օրերին զերծ մնալ բռնութիւն հրահրող եւ ատելութիւն սերմանող արտայայտութիւններից ու գործողութիւններից։ Ազգովին համախումբ ջանք եւ ներդրում բերենք առկայ ճգնաժամի յաղթահարմանն ի նպաստ։ Մեր նահատակ հերոսների վառ յիշատակը եւ նրանց նուիրական տեսիլքները իրագործելու սրբազան ուխտը մեր սրտերում՝ միաբանուենք ու գործենք յանուն մեր հայրենիքի լուսաւոր գալիքի, յանուն մեր ժողովրդի խաղաղ, ապահով ու բարօր կեանքի։

«Աստուած պահապան եւ օգնական մեր ժողովրդին եւ հայրենիքին»։

Իր կարգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ներկայութեան 8 Դեկտեմբերին Անթիլիասէն հետեւեալ հայրապետական պատգամը ուղղեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն.

«Հայ ժողովուրդը խոր տագնապի մէջ է. պարտուած ըլլալու հոգեվիճակը զինք անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնած է։ Արդարեւ, մեր զաւակներու արիւնով կերտուած ու ծաղկած Արցախին մեծ մասը կորսնցուցինք՝ հակառակ մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութեան թուրք-ազերիական բանակին դէմ։ Կորսնցուցինք նաեւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը ու հպարտութիւնը։ Ունեցանք մեծաթիւ զոհեր, գերիներ, վիրաւորներ եւ գաղթականներ։ Երկրագունդի տարածքին չկայ հայ մը, որ ազգին մեծ կորուստին տառապանքը չ՛ապրիր։ Այս ահաւոր ողբերգութեան մասին ժողովուրդը համապարփակ ու յստակ հաշուետուութիւն կը պահանջէ։

«Կը գտնուինք անորոշութեան դիմաց։ Մեր ժողովուրդի զաւակները Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ իրենց արդար բողոքն ու ընդվզումը կ՛արտայայտեն՝ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան այնպիսի փաստաթուղթի մը նկատմամբ, որ Արցախի կողքին նաեւ կը վտանգէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնը ու անկախութիւնը։ Փաստօրէն, Հայաստանը կը նմանի ահաւոր փոթորիկի մատնուած անղեկ նաւու։

Ճակատագրական այս պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը աւելի քան հրամայական է։ Հեռու պէտք է մնանք բեւեռացումներ յառաջացնող, պառակտումներ ստեղծող, անհանդուրժողութեան ոգին սերմանող մօտեցումներէ ու արարքներէ։ Մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ու հաւաքական կամքը երաշխիք պէտք է դառնան վաղուան հզօր Հայաստանին ու Արցախին։ Մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերը պէտք է մնան գերիվեր ամէն տեսակ նկատումներէ եւ դառնան ճշդորոշիչ մեր մտածումներուն, որոշումներուն ու գործերուն։

«Ա՛յս սկզբունքներէն ու յանձնառութենէն մղուած, շուրջ երկու տարիներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստանձնեց Հայաստանի իշխանութեան ղեկը։ Ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, կոչ կ՛ուղղենք, որ նո՛յն սկզբունքներէն ու յանձնառութենէն մեկնած, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշէ հրաժարիլ վարչապետութենէն՝ առիթ տալով Ազգային ժողովին, սահմանադրական կարգն ու գործընթացը յարգելով՝ նոր վարչապետ ընտրելու։ Մեր սպասումն է, որ ընտրուելիք նոր վարչապետին գլխաւորութեամբ կազմուելիք համաձայնական անցումային կառավարութիւնը առաջնահերթ նկատէ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու շուտափոյթ կազմակերպումը։

«Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի մեր նահատակները, վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում, գերիներուն վերադարձ ու սգաւոր ընտանիքներուն մխիթարութիւն պարգեւէ, եւ մեր ազգն ու հայրենիքը հեռու պահէ ամէն տեսակ չարէ ու չարիքներէ»։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2020, 07:15