Այսօր Սպիտակի Երկրաշարժի 32-րդ Տարելիցն Է Այսօր Սպիտակի Երկրաշարժի 32-րդ Տարելիցն Է 

Այսօր Սպիտակի Երկրաշարժի 32-րդ Տարելիցն Է

Ստորգետնեայ հզօր ցնցումներու հետեւանքով կէս վայրկեանի մէջ աւերուեցաւ հանրապետութեան գրեթէ ողջ հիւսիսային հատուածը, ուր կ՝ապրէր շուրջ 1 միլիոն մարդ։

1988 Դեկտեմբեր 7-ին՝ ժամը 11։41-ին, 10 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանի հիւսիսային հատուածը՝ այդպիսով խլելով աւելի քան 25 հազար մարդու կեանք ու անօթեւան դարձնելով աւելի քան 500 հազար մարդ։

Ստորգետնեայ հզօր ցնցումներու հետեւանքով կէս վայրկեանի մէջ աւերուեցաւ հանրապետութեան գրեթէ ողջ հիւսիսային հատուածը, ուր կ՝ապրէր շուրջ 1 միլիոն մարդ։

Աղէտի պատճառով քանդուեցաւ բնակելի տարածքի 17 տոկոսը, տուժեց երկրի 21 քաղաք եւ շրջան, 342 գիւղ: Լրիւ կամ մասնակի աւերուեցան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանավան քաղաքներն ու աւելի քան 230 արդիւնաբերական կեդրոններ։

Երկրաշարժը ընդգրկեց ՀՀ տարածքի մօտ 40 տոկոսը (10,000 քմ քառակուսի):

Աղէտէն տարիներ անց դեռ վերացուած չեն աղէտի հետեւանքները՝ ամբողջովին վերականգնուած չեն աւերուած բնակելի տարածքներն ու ենթակառուցուածքները։ Երեք տասնամեակ անց դեռ հազարաւոր մարդիկ կ՝ապրին տնակներու մէջ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2020, 10:19