Կարմիր Խաչը մարդասիրական լայնածիր օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ Արցախի մէջ Կարմիր Խաչը մարդասիրական լայնածիր օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ Արցախի մէջ 

Կարմիր Խաչը մարդասիրական լայնածիր օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ Արցախի մէջ

4 Դեկտեմբերի դրութեամբ` Կարմիր Խաչը Արցախի ղեկավարութեան փոխանցեց սննդամթերքի 4350 ծանրոցներ, մաքրութեան պարագաներու 17,220 հաւաքածոներ, 13,500 ծածկոցներ եւ խոհանոցային պարագաներու 1400 ծրարներ:
Ունկնդրէ լուրը

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) իր կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ օգնութիւն կը տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմէն տուժած բնակչութեան:

4 Դեկտեմբերի դրութեամբ` Կարմիր Խաչը Արցախի ղեկավարութեան փոխանցեց սննդամթերքի 4350 ծանրոցներ, մաքրութեան պարագաներու 17,220 հաւաքածոներ, 13,500 ծածկոցներ եւ խոհանոցային պարագաներու 1400 ծրարներ: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ԿԽՄԿի առաքելութեան խօսնակ Էթերի Մուսայելեան:

«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Լեռնային Ղարաբաղում ընթացող ռազմական գործողութիւնների ընթացքում փորձում էր հնարաւորինս հումանիտար օգնութիւն ցուցաբերել տուժած բնակչութեանը:  Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին պարբերաբար սնունդ էինք տրամադրում, հիգիենայի (մաքրասիրութեան-Խմբ.) պարագաներ, որպէսզի նրանք այս ամէնը բաշխեն այն բնակչութեան միջեւ, որոնք ռազմական գործողութիւնների ժամանակ գտնւում էին թաքստոցներում, ապաստարաններում: Մենք նաեւ բժշկական պարագաներ ենք տրամադրել բուժհաստատութիւններին, որպէսզի բուժաշխատողները կարողանան վիրաւորներին ժամանակին օգնութիւն ցուցաբերել», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ եռակողմանի յայտարարութենէն ետք Կարմիր Խաչին կարելիութիւնները աւելցած են, որովհետեւ զգալի դարձած է կացութեան ծանրութիւնը եւ կարիքներուն մեծ ըլլալը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2020, 07:06