ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես 

ՄԱԿ-ի ընդհանուր Քարտուղարը յոյսով է, որ 2021-ը պիտի դառնայ համաճարակի հետեւանքներէն ապաքինման տարի

«Եկէ՛ք բոլորս միասին հաշտուինք իրարու եւ բնութեան հետ, յաղթահարենք կլիմայական ճգնաժամը, դադրեցնենք «Քորոնա» ժահրի տարածումը եւ 2021 թուականը դարձնենք առողջացման տարի:
Ունկնդրէ լուրը

Մարդկութիւնը յաջորդ տարին պէտք է նուիրէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ ատոր հետեւանքներէն ապաքինման: Այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի` 29 դեկտեմբերին հրապարակած տեսաուղերձին մէջ:

«Եկէ՛ք բոլորս միասին հաշտուինք իրարու եւ բնութեան հետ, յաղթահարենք կլիմայական ճգնաժամը, դադրեցնենք «Քորոնա» ժահրի տարածումը եւ 2021 թուականը դարձնենք առողջացման տարի: Մահաբեր ժահրի հետեւանքներէն ապաքինման: Քայքայուած տնտեսութեան եւ հասարակութեան ապաքինման: Տարանջատումներու վերացման: Եւ մեր մոլորակի ապաքինման գործողութիւններու սկիզբի տարի», նշած է ան:

Ըստ Կութիերեսի, ասիկա պէտք է ըլլայ 2021 թուականի մեր ամանորեան խոստումը: Ան ՄԱԿ-ի անունով բոլորին մաղթած է «երջանիկ եւ խաղաղ Նոր տարի»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2021, 09:52