Մոտերնա պատուաստ Մոտերնա պատուաստ 

«Մոտերնա»ի պատուաստը 95 տոկոսով արդիւնաւէտ կը նկատուի

Անցեալ շաբաթ, Pfizer ընկերութիւնը յայտարարեց, որ իր եւ գերմանանական BioNTech-ի փորձառական պատուաստին 3րդ հանգրուանի փորձերուն նախնական տուեալները ցոյց տուած են, որ անիկա 90 տոկոսով արդիւնաւէտ է

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- «Մոտերնա» ընկերութիւնը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ COVID-19 ժահրին տարածումը կանխելու իր փորձառական պատուաստին 3րդ հանգրուանի փորձերուն նախնական տուեալները ցոյց տուած են, որ անիկա գրեթէ 95 տոկոսով արդիւնաւէտ է, ինչ որ ակնկալուած համեմատութենէն շատ աւելի բարձր է։

Անցեալ շաբաթ, Pfizer ընկերութիւնը յայտարարեց, որ իր եւ գերմանանական BioNTech-ի փորձառական պատուաստին 3րդ հանգրուանի փորձերուն նախնական տուեալները ցոյց տուած են, որ անիկա 90 տոկոսով արդիւնաւէտ է։

Դրական այս լուրերը կու գան այն ժամանակամիջոցին, երբ համաճարակը անզսպելիօրէն կը տարածուի աշխարհի տարածքին եւ Թեսքսասի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ արդէն իսկ առաւել քան մէկական միլիոնվարակումներ կան, իսկ Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէկ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած են մէկ միլիոնէն աւելի վարակակիրներ։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2020, 07:39