Եւրոպական ուսանողական միութիւն Եւրոպական ուսանողական միութիւն 

Եւրոպական ուսանողական միութիւնը Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ որդեգրած է

«Կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` կանխարգիլելու Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտման փորձերը»

Եւրոպական ուսանողական միութիւնը միացած է Հայաստանի ուսանողական ազգային ընկերակցութեան` եւրոպական հաստատութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն կոչ ուղղելով` յստակ քայլերու ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած զինուորական գործողութիւնները դատապարտելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական ուսանողական միութեան պաշտօնական կայքին մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Կը նշուի, որ միութեան կառավարման խորհուրդի 79-րդ ժողովին ընթացքին Հայաստանի ուսանողական ազգային ընկերակցութիւնը խորհուրդի քննարկման ներկայացուցած է յատուկ բանաձեւ, որուն մէջ կը նշուի, որ հակառակ մինչեւ հիմա ժողովրդավարութեան, բարեկեցութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն` շրջանին մէջ կարելի է ականատես ըլլալ արիւնալի պատերազմի, որ խեղած է հազարաւոր կեանքեր:

«Մենք ցնցուած ենք ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան մասին Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցած զեկուցումէն, որուն մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարները, կրթական հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները կը շարունակեն ատելութեան խօսքեր օգտագործել հայերուն նկատմամբ. ազրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը ատելութեան այս հռետորաբանութիւնը լսելով մեծցած է: Հայաստանի հետ հաշտութեան հաստատման ուղղութեամբ աշխատող իրաւապաշտպանները Ազրպէյճանի մէջ վիճայարոյց մեղադրանքներով ծանր բանտարկութիւններու դատապարտուած են», կը նշուի բանաձեւին մէջ եւ կ՛ընդգծուի, որ եւրոպական հաստատութիւններու եւ երկիրներու կոչերն ու մինչեւ հիմա դրսեւորած չէզոքութիւնը այժմ միայն շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման թշնամիներն են:

«Կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` կանխարգիլելու Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտման փորձերը եւ զանոնք ապահովելու դրացիներու հետ խաղաղ կեանքի, ինքնորոշման եւ խաղաղ համակեցութեան իրաւունքով», կը նշուի բանաձեւին մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2020, 07:50