ԵՈՒՆԵՍՔՕ ԵՈՒՆԵՍՔՕ 

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պատրաստ է պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան համար Ղարաբաղ առաքելութիւն ուղարկելու, սակայն տագնապի աւարտէն ետք միայն

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պիտի աշխատի բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ այդ առաքելութեան իրականացման համար:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պատրաստ է տագնապի աւարտէն ետք օգնութիւն տրամադրելու Հայաստանին ու Ազրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատմական ժառանգութեան մաս կազմող կառոյցներու պահպանման հարցին մէջ եւ կը ծրագրէ մասնագէտներու խումբ ուղարկել այնտեղ: Այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի յայտարարութեան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին ընդհանուր տնօրէնը պաշտօնապէս առաջարկած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ թեքնիք օգնութիւն տրամադրել: Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները մինչեւ այս պահը չեն կրնար այցելել այդ տարածքներ: Անոնք կրնան տեղւոյն վրայ աշխատանք կատարել եւ շահագրգիռ կողմերուն համաձայնութեամբ առաւել նշանակալից մշակութային արժէքներու նախնական ցանկ կազմել` շրջանի մշակութային ժառանգութեան առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանութեան համար: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պիտի աշխատի բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ այդ առաքելութեան իրականացման համար: Խորհրդակցութիւններ սկսած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններուն հետ», կը նշուի Ազուլէի յայտարարութեան մէջ:

Ան յիշեցուցած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2017 թուականի թիւ 2347 բանաձեւը, որուն մէջ կը շեշտուի.«Զինեալ տագնապի ժամանակ մշակութային ժառանգութեան անօրինական աւերումը, թալանն ու մշակութային սեփականութեան կողոպուտը եւ պատմական արմատներն ու մշակութային բազմազանութիւնը հերքելու փորձերը կրնան նոր տագնապի պատճառ դառնալ»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2020, 10:27